Աւստրալիա Արցախի Հակամարտութեան Հարցով Կողմերէն Ոչ Մէկուն Կը Սատարէ

By Asbarez | Thursday, 08 November 2018


1102ANC Austalia

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարարութիւնը վստահեցուցած է, որ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը Արցախի հակամարտութեան կողմերէն ոչ մէկուն կը սատարէ:

Աւստրալիոյ Ծերակոյտի մէկ քննարկումին ընթացքին, նախկին ծերկատուական Լի Ռիանոն մտահոգութիւն յայտնած էր, որ Աւստրալիա կրնայ Արցախի Հանրապետութեան կողմէ  ազատագրուած տարածքներու հարցին շուրջ կողմնակցիլ Ատրպէյճանի բռնատիրական իշխանութեանց: Անոր մտահոգութեան պատճառը Աւստրալիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ պարբերաբար հնչող յայտարարութիւններն էին, որոնց մէջ կ՛առանձնացուէր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի ճանաչումը, մինչդեռ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին կողմէ իրականացող խաղաղ բանակցութիւնները հիմնուած են 3 համահաւասար սկզբունքներու՝ ինքնորոշման իրաւունքի, ուժի չկիրառման եւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:

Օրինակի համար, Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը առիթով մը յայտարարած էր. «Կառավարութեան երկարամեայ քաղաքականութիւնը եղած է՝ աջակցիլ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան։ Աւստրալիա չի ճանչնար Արցախը իբրեւ անկախ պետութիւն, որովհետեւ մենք կ՛աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին եւ չենք փափաքիր միջամտել հակամարտութեան»։

1102rhiannon-artsakh

Լի Ռիանոն

Ռիանոնի վերոնշեալ հարցադրման պատասխանելով՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, թէ ամբողջովին կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին «վերոնշեալ երեք սկզբունքներուն հիման վրայ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Աւստրալիա հակամարտութեան կողմերէն ոչ մէկուն կը սատարէ»:

Իր կարգին, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը փորձեց պարզել տուեալ հարցով Աւստրալիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը՝ նկատի ունենալով նաեւ Աւստրալիոյ միջազգային զարգացման հարցերու նախկին նախարար եւ ծերակուտական Քոնսեթա Ֆիէրաւանթի Ուելզի կողմէ Պաքուի մէջ կատարած այն յայտարարութիւնը, որ Աւստրալիա լիարժէքօրէն կը ճանչնայ Ատրպէյճանի ինքնավարութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի հակամարտութեան մէջ կ՛աջակցի ատրպէյճանական կողմին:

«Աւստրալիոյ անկողմնակալութեան մասին պարզաբանումը կարեւոր յառաջընթաց է հակամարտութեան հարցով Աւստրալիոյ կառավարութեան դիրքորոշման մէջ: Երեք սկզբունքները համահաւասար նկատելով՝ Աւս-տրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յստակօրէն կը ճանչնայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի դերը՝ տուեալ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան։ Ան աւելցուց, որ նման յայտարարութեամբ չեղեալ կը համարուին Աւստրալիոյ կողմնակալութեան մասին եղած նախկին յայտարարութիւնները:

«Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ապահովական գօտի հաստատելու գաղափարին վերադառնալու մասին առաջարկը անընդունելի է, որովհետեւ այդպէսով Ատրպէյճանին բաց հրաւէր պիտի տրուի Արցախի հայ բնակչութեան հանդէպ զինուած յարձակումներ եւ ցեղային զտումներ իրականացնելու համար», յայտնեց Կայսերեան:

1102ancaustraliaԱւստրալիոյ մէջ Արցախի ճանաչման հարցով կարեւոր իրագործումներէն մէկն է նաեւ այն, որ այնտեղ կը խօսուի Երեւանի եւ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գրասենեակներու փակման շուրջ Ատրպէյճանի ջանքերուն մասին: Ռիանոնի մեկնաբանութիւններուն ակնարկելով, Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ տեղեակ է այդ ջանքերէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հաւատարիմ նուիրուածութենէն՝ Մինսկի խմբակի գործունէութեան:

Ըստ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ Ատրպէյճանի դիրքերը սկսած են տկարանալու եւ կը բացայայտուի, որ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով Պաքուի ապակառուցողական գործողութիւնները ապարդիւն են:

Կայսերեան յայտնեց, որ Ռիանոնի հետ զրոյցին ընթացքին կարելի եղած է արձանագրել Աւստրալիոյ կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշման հետեւեալ կարեւոր կէտերը.

  1. ԵԱՀԿ Միսնկի խմբակի եւ խաղաղ բանակցութիւններու երեք հիմնական սկզբունքներու ճանաչում.
  2. Անկողմնակալութիւն.
  3. Մինսկի խմբակի ջանքերուն ատրպէյճանական կողմի ապակառուցողական գործողութիւններու ճանաչում:

comments

Advertisement