Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան 90 ամեակի Տօնակատարութիւն Մելպուրնի մէջ

By armenia.com.au | Saturday, 01 December 2018

Մէլպուրնի Համազգային <Կոմիտաս> մասնաճիւղի վարչութիւնը, Մեսրոպ Մաշտոց Մատթէոսեան վարժարանի կազմը եւ օրուայ ձեռնարկի յանձնախումբը միասնաբար կազմակերպեցին ճոխ գեղարուեստական երեկոյ մը, Գարաուադա Գոլէճի  հանդիսասրահին մէջ:

Օրուայ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մէլպուրնի Զուարթնոց Երգչախումբը, գաղութի տաղանդաւոր արուեստագէտ, արուեստագիտուհիները՝իրենց նուագներով, ասմունքներով, երգերով եւ հայկական նազ պարով:

Օրուայ բեմավարը, պատշաճօրէն յարգանքի խօսք ուղղելէ ետք օրուայ հիւրերուն, բարերարուհիին, Կեդրոնի վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ ներկաներուն, ապա անդրադարնալէ ետք Համազգայինի դերը հիմնադրութիւնէն մինջեւ օրս, անցաւ օրուայ յայտագրի գործադրութեան: Յաջորդաբար կարդացուեցան Համազգայինի հակիրճ պատմականը ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի հանրապետութեան Նախագահի շնորհաւորական խօսքերը, ուղղուած Համազգայինի 90 ամեակին:

Մէլպըրնի Զուարթնոց երգչախումբը, ընդառաջելով մեր հրաւէրին իր մասնակցութիւնը բերաւ, ներկայացնելով Կոմիտասի, Թ Ալթունեանի, Խ Աւետիսեանի եւ Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւնները: Մեսրոպ Մաշտոց Մատթէոսեան վարժարանի աշակերտուհիները մասնակցեցան “Ծաղկած Պալենի” նազպարով, ասմունք  Գէորգ Էմինի “Սասնա Պարը”, նաեւ նուագներ ջութակով, դաշնամուրով, մեներգներ“Բարի Արագիլ”, “Պիտի Գնանք”, “Կռունկ”, “Դու Իմ Մուսան Ես“ եւ արտասանութիւն “Հայու Ոգին”:

Վարչութեան Ատենապետուհին իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց նախ հիւրերուն եւ ներկաներուն ապա ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն, գնահատելով զանոնք,զորս իրենց տաղանդներով վերապրեցուցին մեր Հայ մշակոյթը Մէլպըրնի գաղութէն ներս:

Տէր Խաչեր Քհն Յարութիւնեան իր սրտի խօսքը տալէ ետք Պահպանիչով փակեց օրուայ ձեռնարկը:

Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ գնահատեցին եւ շնորհաւորեցին օրուայ ձեռնարկը,

Բարի երթ Համազգային դէպի նորանոր 90 ամեակներ:

Զվիկ





comments

Advertisement