ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Առիթով

By armenia.com.au | Sunday, 02 December 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 Դեկտեմբերին, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն սկսած են ձեռնարկել Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ գործող գլխաւոր ուժերը եւ այդ թուին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, որ իր 22-րդ արտահերթ Գերագոյն Ժողովով յայտնեց ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութիւնը առանձին ցուցակով, հիմնական նպատակ դնելով հայրենիքի ծառայութեան իր առաքելութիւնը որ հիմնուած է իր նախընտրական ծրագրին մէջ, դրսեւորելով հաւատարմութիւն ազգային ուղեգիծին, ամբողջական պաշտպանութիւն Արցախի Հանրապետութեան ու անոր արդար իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ հայրենի բնակչութեան ընկերային ու տնտեսական արդարութեան պայքարին լրիւ իրականացում:

Մենք կը հաւատանք թէ <<թաւշեայ յեղափոխութեան>> յաջողութեամբ փակուեցաւ անցեալի այն տխուր էջը որ հիմնուած էր փտածութեան եւ մենաշնորհներու կայացման վրայ եւ կը յուսանք որ նորընտիր Ազգային Ժողովը կը դառնայ խորհրդարանական համակարգի ժողովրդավարական այն ուժը, որ մէկ կողմէ կը հաստատէ երկրի օրէնքն ու արդարութիւնը, իսկ միւս կողմէ կը հակակշռէ գործադիր մարմնի գործունէութիւնները թերութիւններ արձանագրուելու պարագային:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր պատմութեան ընթացքին յաճախ գտնուած է հայրենիքին ու հայութեան սպառնացող վտանգներու եւ արտասովոր կացութիւններու դէմ հանդիման, բայց միշտ ալ իր մէջ գտած է այն ուժը, օգտուելով անցեալի սխալներէն, ինքնակազմակերպուելու, վերանորոգուելու եւ հայրենիքին ու հայութեան դրականօրէն ծառայելու դիրքին մէջ: Մեր այս ունեցած փորձառութիւնը վստահ ենք որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կրնայ ի սպաս դնել Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդի վերելքին ու ամրապնդել «Նոր Հայաստան»-ի իրավիճակը ժողովրդավար հիմունքներով:

Առ այդ, նկատի ունենալով խորհրդարանական համակարգի ձեւավորումէն ետք տեղի ունենալիք ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնին ու անոր կատարելիք աշխատանքներուն եւ իր ամբողջ ուժն ու կարողականութիւնը ի սպաս կը դնէ որ այս ընտրութիւնները պսակուին յաջողութեամբ, միշտ հիմնական նպատակ ունենալով Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական շահերը:

Միաժամանակ կոչ կ'ուղղենք Հայաստանի քաղաքացիներուն, որ չմնան դիտողի դերին մէջ, այլ ուղղուին քուէատուփեր եւ ժողովրդավարութիւնը պահելու կամքով իրենց ձայները տան իրենց խիղճին համեմատ, իրենց միտքերուն մէջ ունենալով աւելի քան դար մը աննահանջ Հայ ժողովուրդի արդարութեան պայքարին լծուած եւ <<հողին ու հային>> հաւատարիմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ յարատեւորէն կը գործէ հզօր հայրենիք կերտելու տեսլականի իրականացման ի խնդիր եւ միշտ պատրաստ է ծառայելու իր ժողովուրդին անկախ ընտրութեան արդիւնքներէն։

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ


comments

Advertisement