Աւստրալահայ Անուշկա Զարգարեան Masterchef Յայտագրի Լաւագոյն Տասը Մասնակիցներէն Մին Կը Հանդիսանայ

By armenia.com.au | Monday, 24 June 2019



Վաստակաւոր Աւստրալահայ խոհարար՝ Անուշկա Զարգարեան, անցնող երկու ամիսներու ընթացքին հիացուց «Masterchef» յայտագրի ժիւրի անդամները, անցնելով լաւագոյն տասը մասնակիցներու եզրափակիչ հանգրուանին:

49 ամեայ Անուշկան, շնորհիւ իր արձանագրած յաջողութիւններուն, նկատուեցաւ հեռուստատեսային հանրածանօթ սոյն յայտագրին անուշեղէնի առաջատար խոհարարներէն մէկը, գովաբանութեան արժանանլով համաշխարհային խոհարարներու կողմէ, ինչպէս՝ Նայճելա Լոուսըն եւ Հեսթոն  Պլումէնթալ: Վերջերս, ան նաեւ շահեցաւ «Michelin-star chef» Պլումէնթալի արմտեղէնի (cereal) մրցաշարքը։

Իր վերջին մրցաշարքի ընթացքին, հակառակ բոլոր ճնշումներուն, համադամ paella մը պատրաստելով, ան ապացուցեց, թէ իսկապէս կարողութիւնը ունի մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգելու: Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ, որ ան մասնակցած է հինգ արտաքսումի մրցաշարքերու:

«Masterchef»  մրցաշարքի լաւագոյն տասը մասնակիցներէն  մին  հանդիսանալով, ուր ախոյեանը կը շահի $250,000, կ՚արժէ աւելի անդրադառնալ Անուշկայի մասին։



«Masterchef» կայքէջին համաձայն, Անուշկան ինքզինք զարգացուցած է Հայկական, Պարսկական եւ Ռուսական ճաշատեսակներով։ Ան կը սիրէ այս մշակոյթներէն նիւթեր գաղել ու միացուլել իր հնարած ճաշատեսակներուն հետ։ Ան առաւելաբար կը նախընտրէ անուշեղէն պատրաստել՝ ինչպէս Ռուսական մեղրի կարկանդակը, որ արժանացաւ նշանաւոր խոհարար ՝ Matt Preston-ի ակնածանքին։

Անուշկան ամուսնացած է օդաչու-երկրաչափ ՝ Արթիւրի հետ եւ ունի երկու զաւակներ՝ Դաւիթ եւ Լիլիթ։ Ան Հայաստանէն Աւստրալիա գաղթած է մօտաւորապէս 20 տարիներ առաջ: Յայտնենք, որ ան կը կրէ մշակութային հետազոտութիւններու եւ կրթութեան պսակաւոր արուեստի վկայական:

comments

Advertisement