ՀՕՄ Աւստրալիոյ դաստիարակչական-դասախօսական ձեռնարկ

By armenia.com.au | Saturday, 29 June 2019



Հինգշաբթի 6 Յունիս 2019ին, Ուիլուպիի Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դաստիարակչական-դասախօսական ձեռնարկ, կազմակերպուած Աւստրալիոյ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին կողմէ:

Հանդիսութեան ներկայ էին գաղութիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքպս. Նաճարեան , արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր ինչպէս նաեւ 80է աւելի հայրենակիցներ:

Հանդիսավարներն էին ընկերուհիներ ՝Մարալ Փիլիպոսեան եւ Յասմիկ Զառացեան: Գլխաւոր բանախօսներն էին Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վարդապետ Աբգարեան եւ Հոգեբոյժ՝ Տոքթոր Յարութիւն Ճէպէճեան:

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ներկայացուց « Ընտանեկան եւ Բարոյական Արժէքներու Անհրաժեշտութիւնը Մեր Առօրեայ Կեանքէն Ներս» (Moral and Family Values: Essential Elements For A Happy And Meaningful Life) նիւթը, Քրիստոնէական եւ Հայկական տեսանկիւնէն դիտուած, որ մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Տոքթոր Ճէպէճեան, փորձառու եւ մասնագէտ հոգեբուժ, ներկայացուց «Անձկութիւնը, Խուճապը եւ Յետ Խոցային Ճնշման Խանգարում (Anxiety, Panic and Post Traumatic Stress Disorder) նիւթը:

Երկու դասախօսներուն ուղղուեցան հարցումներ եւ անոնցմէ ստացան սպառիչ պատասխաններ:

Իր շնորհակալութեան խօսքը արտասանեց ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Նորա Սեւակեանը, դրուատելով երկու դասախօսներուն տարած կարեւոր աշխատանքը եւ փոխանցած գիտելիքները, որոնց պէտքը մեծ է մեր բոլորին համար: Ձեռնարկի աւարտին ատենապետուհին հիւր դասխօսները պատուեց ՀՕՄի 100 ամեակի յուշամատեանով:

Շնորհաւորելի են հիւր դասախօսները, որոնք դաստիարակչական այժմէական երկու նիւթեր ներկայացուցին ոչ միայն ՀՕՄի անդամներուն այլ բոլոր ներկաներուն մեծ գոհունակութիւն պատճառելով անոնց:

comments

Advertisement