Գոյժ.- Դանիէլ Մելոյեան

By ՀՅԴ Աւստրալիոյ Սարդարապատ Կոմիտէ | Monday, 01 July 2019

Գոյժ.- Դանիէլ Մելոյեան




Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ «Սարդարապատ» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ ընկերական կազմի հաւատաւոր ընկերներէն ընկեր Դանիէլ Մելոյեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի 30 Յունիսին:

ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Դանիէլ Մելոյեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր ընկերներուն:

ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի 3 Յուլիս 2019ին , կէսօրէ ետք ժամը 1.00 –ին, Հայ Առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ (10 Macquarie St, Chatswood) , ապա մարմինը պիտի փոխադրուի եւ թաղուի Macquarie Park քերեզմանատունը (Macquarie Park Cemetery and Crematorium - Cnr Delhi Rd & Plassey Rd Macquarie Park): Յուղարկաւորութեան աւարտին ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եւ հոգեճաշ պիտի մատուցուի Ուիլուպիի Հայ Մշակութարին Կեդրոնէն ներս, 259 Penshurst Street, Willoughby.

comments

Advertisement