Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Ներկայացուցչական արտակարգ ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

By armenia.com.au | Saturday, 13 July 2019



Սիտնի.-
Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, Նարեմպըրնի սկաուտական սրահէն ներս, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչին, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աւստրալիոյ շրջանային վարչութեան, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովի հրաւիրեալներուն, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Ներկայացուցչական արտակարգ ժողովը:

Ժողովի ընթացքին ընթերցուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ ամփոփ տեղեկագիրը, որմէ յառաջացաւ լուսաբանական հարցումներ եւ կատարուեցան շինիչ առաջարկներ յառաջիկայի ծրագիրներու առնչութեամբ: Ժողովը անդրադարձաւ Կեդրոնական Վարչութեան տարած աշխարհածաւալ աշխատանքին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան հարիւր ամեակի միջոցառումներու ընթացքին, 2017-ի Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերուն ու 2018-ի Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումին:

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու ընտրութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 12-րդ պատգամաւորական ժողովին մասնակցելու նպատակով:

Տեղին է նշել, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատգամաւորական 12-րդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 14-19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հայաստանի մէջ:

comments

Advertisement