Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքներու Ներկայացում Մելպուրնի Մէջ

By armenia.com.au | Wednesday, 17 July 2019



Մելպուրն.- Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2019-ին, «Springvale»-ի Հայ կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի Մելպուրնի մասնաճիւղին կազմակերպած գաղութային հաւաքը, մօտաւորապէս հարիւր հայորդիներու ներկայութեամբ: Օրուան բանախօսն էր, Աւստրալիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

Հաւաքին բացումը կատարեց, Հայ Դատի Յանձնախումբին Մելպուրնի մասնաճիւղի ատենապետ՝ Ասպետ Պոյմուշաքեան: Ան իր բացման խօսքով ամփոփ ձեւով ներկայացուց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի Մելպուրնի մասնաճիւղը, ապա առիթը տուաւ Գայսէրեանին, ներկայացնելու Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին աշխատանքները:

Գայսէրեան իր ներկայացուցած զեկոյցէն ետք, մանրամասնօրէն պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք աւելի եւս լուսարձակի տակ առին յանձնախումբի աշխատանքները եւ Աւստրալիոյ քաղաքականութեան մէջ հայերու առնչուող բոլոր խնդիրները:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան այս հաւաքին», ըսաւ Պոյմուշաքեան: «Յատուկ շնորհակալութիւն Աւստրալիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեանին, իր ներկայացուցած զեկոյցին համար»:

«Լիայոյս ենք, որ այս հաւաքը պիտի ըլլայ առաջինը, կազմակերպուելիք նման բազմաթիւ հաւաքներու, որպէսզի Մելպուրնի հայութիւնը աւելի եւս մասնակից ըլլան Աւստրալիական քաղաքականութեան մէջ հայկական հարցերու պաշտպանութեան աշխատանքին», եզրափակեց Պոյմուշաքեան:

comments

Advertisement