Հայկական Աւանդական Ղափաման եւ Աւանդական Պարը (Living Room) Յայտագրի Ընթացքին

By armenia.com.au | Wednesday, 17 July 2019



Սիտնի.- Աւստրալիական հեռատեսիլի տասերորդ կայանը, գլխաւորութեամբ հիւրընկալ՝ Միգէլ Մայսթրայի այցելեց Համազգայինի «Գօլստըն» ճեմարանի ուսուցչուհի եւ վաստակաւոր խոհարար՝ Արփի Իսքիքեանի տունը, հանրածանօթ (The Living Room) յայտագրի ընդմէջէն ներկայացնելու հայկական աւանդական ճաշատեսակը՝ ղափաման:

Իսքիքեան բացատրելէ ետք հայկական աւանդական ղափամային խորհրդանիշը, անցաւ ղափաման պատրաստելու աշխատանքին՝ Մայսթրայի օժանդակութեամբ:



Դդումի փորոտիքները հանելէ ետք, անոնք զայն լեցուցին խաշուած բրինձով, մրգեղէնով եւ պիստակեղէնով, ինչպէս՝ խնձոր, ծիրան, սալոր, չամիչ եւ մանրուած նուշ:

Ղափամայի պատրաստութենէն ետք, Մայսթրան միացաւ Իսքիքեանի աւանդական սեղանին եւ վայելեց հայկական խոհանոցի դարերու աւանդական ճաշատեսակին համը: Ապա, հագուելով հայկական աւանդական տարազ, ան միացաւ ընթրիքի հիւրերուն, պարելու հայկական շուրջպար, հայ տաղանդաւոր երգիչ՝ Յարութ Փամպուքճեանի նշանաւոր «Ղափամա» ճոխ երգով:

Հայկական աւանդական ղափաման համտեսեցին եւ վայելեցին նաեւ (The Living Room) յայտագրի հիւրընկալներէն՝ Ամանտա Քէլըր եւ Քրիս Պրաունը, ինչպէս նաեւ յայտագրի մասնակցող հանդիսատեսները:

«Հիանալի փորձառութիւն մըն էր մասնակցիլ Աւստրալիական հեռատեսիլի տասերորդ կայանի (The Living Room) յայտագրին եւ ցուցադրել հայկական աւանդական ճաշատեսակ՝ ղափամայի պատրաստութիւնը: Յայտագրի այս դրուագը նկարահանուած էր 2018-ի Դեկտեմբերին եւ հեռարձակուած՝ 5 Յուլիս 2019-ին», դիմատետրի իր էջին վրայ արձանագրեց Իսքիքեան:

comments

Advertisement