Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան ՍՕՍԷ մասնաճիւղի ընկերային հաւաքոյթ

By armenia.com.au | Saturday, 20 July 2019



Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան ՍՕՍԷ մասնաճիւղի ընկերային հաւաքոյթ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 4 Յուլիս 2019 Հայ Մշակութային Կեդրոն սրահէն ներս Willoughby։


Ըստ սովորութեան տեղի ունեցաւ Bingo-ի խաղը, նաեւ տօնուեցաւ ամսուայ հերդականութեամբ՝ տարեդարձը այն ընկերուհիներուն որոնք ծնած էին Յուլիս ամիսուայ մէջ, ուր մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց։


Յանձնախումբը իր ընթացիկ աշխատանքի կողքին, դարձեալ հակիրճ յայտագրով անդրադարձաւ սոյն ամսուայ մէջ զուգադիպող ազգային տօներու՝ ինչպէս Լիզպոնի 5-ի Յիշատակը, Խանասորի արշաւանքը եւ Վարդիվառի տօնի մասին, սոյն տօնի առթիւ նաեւ շնորհաւորեց վարդուհի, Վարդիդեր եւ Սիրվարդ անուն ունեցող ընկերուհիներուն, ուր ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան։


Ներկաները միատեղ վայլեցին հաճելի ու ջերմ մթլոլորտ ու բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն։


Ընկերային հաւաքոյթը տեղի կ'ունենայ ամսական դրութեամբ, ամէն ամսուայ առաջին հինքշաբթի օրը, առաւօտեան ժամը 10.30 – էն սկսեալ։


Եկեք միասնաբար վայելելու, Bingo-ի խաղարկութեամբ ու զանազան անակնկալներով լեցուն ընկերային հաճելի մթնոլորտ։


ՀՕՄ-ի Սօսէ մասնաճիւղի վարչութիւն

comments

Advertisement