Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Ի Պատիւ Ընդունելութիւն՝ Աւստրալիոյ Խորհրդարանին ՄԷջ

By Asbarez | Wednesday, 31 July 2019

0731massismayilian5

ՔԱՆՊԵՐԱ.- Երեքշաբթի, 30 Յուլիսին, Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպերայի՝ երկրին Դաշնակցային խորհրդարանին մէջ, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ պատգամաւորներ Թրենտ Զիմերմանի եւ Ճօէլ Ֆիթցկիպընի կողմէ ընդունելութիւն կազմակերպուեցաւ ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան:

Ընդունելութեան մասնակցեցան Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ ծերակուտականներ, պատգամաւորներ, որոնց շարքին՝ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան ութ մշտական յանձնաժողովներու նախագահներ եւ նախարարներ:

Պատգամաւորներ Զիմերման եւ Ֆիթցկիպըն ողջունեցին Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը՝ յուսալով, որ այս ձեւով հիմք կը ստեղծուի ապագային Աւստրալիոյ եւ Արցախի միջեւ կապերու խորացման, նաեւ՝ խորհրդարանական դիւանագիտութեան մակարդակով:

Իր պատասխան խօսքին մէջ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, որ կը գլխաւորէ արցախեան պատուիրակութիւնը, գոհունակութիւն յայտնեց Դաշնակցային խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած նման ջերմ ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները՝ անդրադառնալով Արցախի միջազգային ճանաչման եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման գործընթացներուն մէջ Արձանագրուած արդիւնքներուն, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմական ու իրաւական երեսներուն եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ արցախեան կողմի դիրքորոշման:

Ընդունելութեան ընթացքին նախարար Մայիլեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձան Արցախի եւ Աւստրալիոյ միջեւ տարբեր մակարդակներով համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն:

Նոյն օրը, Աւստրալիոյ Դաշնակցային խորհրդարանին մէջ, նախարար Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Աւստրալիոյ Ծերակոյտի անդամ, Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութեան առաջնորդ Ռիչըրտ Տի Նատալէի հետ:

Մայիլեան մեծապէս գնահատեց Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին ճանաչումը իրենց ծրագիրին մէջ ներառնելու Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի Կանաչներու կուսակցութեան՝ Դեկտեմբեր 2017ին ընդունած որոշումը: Նախարարը ընդգծեց, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը հանրապետութեան արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկն է:

Իր հերթին, ծերակուտական Տի Նատալէ ընդգծեց, որ Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համար արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի առաջմղումը առանցքային տեղ կը գրաւէ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի միջազգային համագործակցութեան զարգացման գործընթացին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, քննարկուեցան այդ բնագաւառին մէջ նոր հնարաւորութիւնները:

Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան:

comments

Advertisement