Արցախի Պատուիրակութեան հետ հանդիպումներ Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ

By ANC-AU | Thursday, 01 August 2019



Սիտնիի եւ Մելպուրնի հայութիւնը յատուկ առիթ մը պիտի ունենայ հանդիպելու Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Մասիս Մայիլեանի հետ: Ան Աւստրալիոա կը գտնուի Արցախեան խորհրդարանի անդամ՝ Դաւիթ Իշխանեանի եւ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօպակատար՝ Արտակ Նէրսիսեանի ընկերակցութեամբ:

Մայիլեան, Իշխանեան եւ Նէրսիսեան կը ներկայացնեն Աւստրալիա այցելող Արցախեան ամենա-բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը:

Անոնք պիտի ներկայացնեն Արցախի Հանրապետութեան առնչուող վերջին նորութիւններն ու իրադարձութիւնները, կազմակերպուած գաղութային հաւաքներու ընթացքին,  Սիտնիի «Willoughby Uniting Church»-ին (10 Clanwilliam Street, Willoughby) մէջ, Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը եօթին, ինչպէս նաեւ Մելպուրնի Հայ Կեդրոնէն (8-14 Police Road, Springvale) ներս, Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը եօթին:

«Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար Պր. Մայիլեանի հետ հանդիպումը Սիտնիի եւ Մելպուրնի Հայութեան համար աննախադէպ առիթ է», յայտնեց Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Քայլար Միքայէլեան:

« Պր. Մայիլեան, Պր. Իշխանեան եւ Պր. Ներսիսեան կը ներկայացնեն Ստեփանակերտէն Աւստրալիա այցելող Արցախեան ամենա-բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը: Մեր ակնկալութիւնն է որ Աւստրալահայութիւնը օգտագործէ կազմակերպուած այս երկու առիթները, թիկունք կանգնելու Արցախահայութեան՝ ժողովրդավարութեան, ազգակերտման եւ ինքնորոշման իրաւունքի ի խնդիր իրենց մղած պայքարին առնչութեամբ», աւելցուց Միքայէլեան:

Մասիս Մայիլեան աւարտած է Արցախի պետական համալսարանի թուաբանութեան եւ բնագիտութեան բաժանմունքը: Ուսանած է ընկերային հոգեբանութիւն, Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան»-ի անուան պետական հոգեբանական համալսարանին մէջ, ապա աւարտած է Վիեննայի դիւանագիտական ակադեմիան:

Մայիլեան հեղինակն է «Ղարաբաղեան խաղաղութեան գործընթացքը - Հայացք Արցախէն» գիրքին, որ հրատարակուած է 2016 թուականին: Ան Արցախի Արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է 2017-ին, տարիներու ընթացքին երկրի դիւանագիտական աստիճանները բարձրանալէ ետք:

Դաւիթ Իշխանեան Արցախեան խորհրդարանի անդամ է եւ ղեկավար Արցախեան խորհրդարանի երկրորդ ամենամեծ «Դաշնակցութիւն» խմբակին: Քաղաքականութեան ասպարէզը մտած է Արցախեան պատերազմէն ետք, որուն ընթացքին յայտնի հրամանատար էր: Զինադադարէն առաջ ան կը վերադառնայ ուսուցչութեան ասպարէզին եւ կը ստանձնէ Աշանի երեկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը: Իշխանեան ունի պատմութեան եւ օրէնքի պսակաւոր արուեստից վկայական:

Արտակ Նէրսիսեան կը գլխաւորէ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարութեան տեղեկատուական եւ հանրային յարաբերութեանց բաժանմունքը:

comments

Advertisement