Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Արազ մասնաճիւղի Նոր Տարուայ ձեռնարկ

By armenia.com.au | Tuesday, 24 December 2019



Սիտնի.- Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան «Արազ» մասնաճիւղի Նոր Տարուայ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ, 29 Նոյեմբեր 2019-ին։

Յիշեալ ձեռնարկին ներկայ էին, ՀՕՄ_ի կեդրոնական վարչութեան անդամուհի՝ Ընկհ. Նորա Սեւակեան, Աւստրալիոյ ՀՕՄ_ի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՕՄ_ի «Սօսէ» եւ «Արաքս» մասնաճիւղերու վարչութիւնները, ՀՄԸՄ «Արարատ» եւ Համազգային «Նայիրի» պարախումբի վարչութիւնները, մօտաւորապէս 150 ընկերուհիներ եւ համակիրներ։ Բոլոր ներկաները հաճելի եւ մտերմիկ ժամանակ անցուցին եւ մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան։

Սոյն ձեռնարկին նպատակը շատ բարի էր՝ «Օգնել կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ հոգալ անոնց պէտքերը»։ ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութիւնը գիտակցելով Ամանորի ծրագրին, ուրախութեամբ յայտարարեց թէ ձեռնարկի հասոյթը՝ $2300 Աւստրալիական տոլար, ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի յիշեալ ծրագրին։

Վարձքը կատար բոլոր ներկաներուն, Միշտ բարձր պահենք Հայ Օգնութեան Միութեան նպատակը «ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար»:

- ՀՕՄ Արազ Մասնաճիւղ



comments

Advertisement