Հ.Օ.Մ Աւստրալիոյ Արազ մասնաճիւղի երախտագիտութեան երեկոյ

By armenia.com.au | Monday, 20 January 2020



Սիտնի.- Ուրբաթ, 17 Յունուար 2020-ին, կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ Արազ մասնաճիւղի վարչութեան, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի սիրելի եւ թանկագին ընկերուհիներուն  տարեկան հրաւէրը:

Սոյն հրաւէրին ներկայ էր նաեւ Հ.Օ.Մ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ ընկերուհի Նորա Սեւակեան եւ Հ.Օ.Մ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները։

Հրաւէրին գլխաւոր նպատակն էր, վարչութեան խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնել մասնաճիւղի ընկերուհիներուն, որոնք ամբողջ տարուայ ընթացքին նեցուկ կանգնած են վարչութեան, ցուցաբերելով իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը։

comments

Advertisement