Վերջին Նորութիւններ. Քորոնա ժահրի Յայտարարութիւն Աւստրալահայերու Ուշադրութեան

By ANC-AU | Monday, 30 March 2020



Սիրելի՛ Աւստրալահայ Համայնքի Անդամներ,

Այս երրորդ հաղորդագրութիւնն է որ կը յղենք մեր համայնքի զաւակներուն «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) Աւստրալիոյ մէջ տարածման մասին, առաջինը՝ 14 Մարտին եւ վերջինը՝ 20 Մարտին: Ստորեւ նշուած տեղեկութենէն մաս մը կրնայ կրկնութիւն ըլլալ սակայն նկատի ունենալով այդ տեղեկութեանց կարեւորութիւնը, զանոնք անգամ մը եւս կը յանձնենք ձեր ուշադրութեան նորերու հետ միասնաբար:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կապի մէջ է Աւստրալահայ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն հետ (մարզական, մշակութային եւ այլ), վստահ ըլլալու համար, թէ բոլորը լաւապէս տեղեակ են Աւստրալիոյ դաշնակցային եւ նահանգային կառավարութեանց թելադրանքներուն մասին, լաւագոյն ձեւով պայքարելու համար «Քորոնա» ժահր (COVID-19) համաճարակի տարածման դէմ:

Աւստրալիոյ պետութեան վերջին յայտարարութիւնները կը ներառեն հետեւեալքը.-

  • Առտնին թէ տուներէն դուրս հաւաքները կը սահմանափակուին 2 անձի ի բացառեալ ընտանիքի անդամներուն, թաղումներուն (առաւելագոյնը 10 անձ) եւ պսակներուն (առաւելագոյնը 5 անձ)

  • Հակառակ այս սահմանափակումին Ազգային Խորհուրդի թելադրանքն է ՏՈՒՆ ՄՆԱԼ, բացի սննդեղէնի եւ կարեւոր իրերու համար գնում կատարելէ, առողջապահական եւ բժշկական կարիքներէ, մարզանք՝ միշտ պահելով հանրային հաւաքներու սահմանուած թիւը, գործի կամ դպրոցի պարագային եթէ անձը չի կրնար հեռակայ կարգով աշխատիլ կամ սովորիլ

  • Խաղավայրեր, դահոյկի եւ մարմնամարզի սրահները փակ կը մնան վերջին շաբաթներուն փակ մնացող այլ հաստատութիւններու կարգին

  • Ազգային Խորհուրդը խստօրէն կը թելադրէ հնարաւորինս ՏՈՒՆ ՄՆԱԼ՝  70 տարիքը բոլորած անձերուն, 60-ը անց անհատներուն որոնք առողջական հարցեր ունին, 50 տարիքը անց Ապօրիճինիներուն, որոնք առողջական հարցեր ունին

  • Ազգային Խորհուրդը իր համաձայնութիւնը կը յայտնէ որ «Քորոնա» ժահրի պատճառաւ վարձք վճարելու անկարող վարձակալներ (բնակարաններու թէ առեւտրական հաստատութիւններու), սեփականատէրերու կողմէ դուրս չդրուին իրենց վարձած տուներէն կամ հաստատութիւններէն

  • Նախօրօք յայտարարուած նախզգուշական միջոցները ի զօրու կը մնան ներառեալ հեռաւորութիւն պահելու  կանոնը, զոր խախտողները պիտի ենթարկուին ծանր տուգանքի: Ի զօրու են նաեւ ճամբորդութիւններու սահմանափակման, ինքնամեկուսացման, չափաւոր գնում կատարելու եւ այլ կանոնները

  • Կիրակի 29 Մարտէն սկսեալ բոլոր անոնք որ ծովի կամ օդի միջոցաւ Աւստրալիա կը հասնին պիտի ենթարկուին 14 օրուայ ինքնամեկուսացման իրենց ժամանած քաղաքին մէջ։ Կառավարութիւնը պիտի հոգայ անոնց մեկուսացման կեցութիւնը

  • Աւստրալիոյ կառավարութիւնը կարգ մը տնտեսական օժանդակութիւններ պիտի տրամադրէ։ Ստուգելու համար այդ օժանդակութիւններու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնցմէ օգտուելու միջոցները, կրնաք այցելել կոխելով այստեղ

Ստորեւ՝ ամփոփ պատկերը նախօրօք յայտարարուած կանխազգուշացումներուն.-

  • Ովքե՞ր հակամետ են ժահրով վարակուելու.-

    --- Անխոցելիութիւնը արգելակող հիւանդութիւններէ վարակուած անհատներ (օրինակ՝ քաղցկեղ)

    --- Տարեցներ

    --- «Ապօրիճինիներ» եւ «Թորէս Նեղուցի» կղզիներու բնակիչներ, որովհետեւ անոնք հակամետ են երկարատեւ հիւանդութիւններով վարակուելու եւ այդ բնագաւառին մէջ ունին բարձր ցուցանիշեր

    --- Երկարատեւ առողջական վատթար պայմաններու մէջ գտնուող անձեր

    --- Շատ փոքր երեխաներ եւ նորածիներ – Այս հանգրուանին տակաւին յստակ չէ  նորածիներու եւ երեխաներու սպառնացող վտանգին չափանիշը եւ անոնց դերը ժահրը տարածելուն մէջ: Ցարդ շատ քիչ թիւով երեխաներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով բաղդատած ընդհանուր վարակուածներու թիւին

    --- Խմբային բնակավայրերու մէջ ապրող անձեր

    --- Կալանավայրերու մէջ գտնուող անձիք

  • Մինչեւ 30 Մարտի առաւօտեան ժամը 6 Աւստրալիոյ մէջ ժահրով վարակուածներու հաստատուած թիւը  4093 է, որոնցմէ 18-ը՝ մահացած են

  • Աշխարհի մէջ վարակուածներու թիւն է 692000 իսկ մահացածներունը՝ 35000

  • Բոլոր ոչ քաղաքացի եւ ոչ մշտական բնակիչներուն կ'արգիլուի Աւստրալիա այցելել Ուրբաթ 20 Մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 9-էն սկսեալ

  • Ծնողները քաջալերուած են իրենց աշակերտ զաւակները տունը պահելու, հակառակ դպրոցները փակ չըլլալուն

  • Հանգստեան տուներու բնակիչներ կրնան օրական մէկ անգամ եւ առաւելագոյնը երկու այցելու ընդունիլ

  • Կը յանձնարարուի որ Աւստրալացիք 1.5 մեթր հեռաւորութիւն պահեն իրարմէ – “social distancing”

  • Կոչ կ'ուղղուի խուճապի չմատնուելու եւ հանրախանութներէ ապրանք գնելու ատեն խուճապահար չըլլալու

Աւստրալահայ համայնքի զաւակներուն կը փոխանցենք հետեւեալը ինչպէս նաեւ կը թելադրենք.-

- Ցարդ անտեղեակ ենք թէ ոեւէ Աւստրալահայ վարակուած է ժահրով կամ ոչ

- Տուն մնացէք բացի այն պարագայէն երբ չէք կրնար տունէն աշխատիլ կամ ուսանիլ

- Տուն մնացէք եթէ 70 տարիքը անց էք կամ 60ը անց եթէ առողջապահական հարցեր ունիք

* Եթէ որեւէ կարիք ունիք եւ ձեր անմիջական ընտանեկան պարագաները անկարող են օգտակար ըլլալու՝ կարդացէք ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնին հետեւեալ յայտարարութիւնները կոխելով այստեղ

- Ձեր երեխաները տուն պահեցէք փոխանակ զանոնք դպրոց ուղարկելու, բացի ստիպողական պարագայէ: Երեխաները տուն պահեցէք եւ խուսափեցէք զանոնք մասնակից դարձնելու արտադպրոցական աշխատանքներու

** Կոխեցէք այստեղ կարդալու համար Գօլստըն Ճեմարանի յայտարարութիւնը

** Տեսէք յայտարարութիւնները կոխելով այստեղ Armenian Community Centres are now closed (նկատի առէք որ շաբաթօրեայ վարժարանները, մարզական ակումբները եւ եկեղեցական արարողութիւններու մասնակցիլը արգիլուած է)

** Արմէնիա-ի ֆէյսպուքի վրայ (www.facebook.com/ArmeniaOnline) հետեւեցէք ձեռնարկներու ջնջումին եւ յաւելեալ տեղեկութեանց մասին: Պիտի նկատէք թէ Հայկական ձեռնարկները մինչեւ Յունիս ջնջուած են ի բացառեալ ուղիղ եթերով հեռարձակելի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկին

- Եթէ նոր վերադարձած էք արտասահմանէն, կը խնդրենք հետեւիլ Դաշնակցային կառավարութեան ցուցմունքներուն՝ 14 օրեր մեկուսացման ենթարկուիլ (կառավարութիւնը կեցութիւնը պիտի տրամադրէ) եւ չմասնակցիլ որեւէ ձեռնարկի, չներկայանալ դպրոց կամ աշխատավայր

- Եթէ աւստրալական հպատակութիւն ունիք եւ արտասահման կը գտնուիք, փորձեցէք հնարաւորինս արագ վերադառնալ Աւստրալիա

- Եթէ որեւէ հիւանդութեան ախտանշաններ ունիք, տուն մնացէ՛ք եւ դիմեցէ՛ք բժշկական խորհրդատուութեան: Խուսափեցէ՛ք ներկայ ըլլալու որեւէ հանրային ձեռնարկի, մի յաճախէք  դպրոց կամ աշխատավայր

- Հետեւեցէ՛ք կառավարութեան ցուցմունքներուն, ուր կը խնդրուի անհատներու եւ հաստատութիւններու օգնութիւնը, կանխելու համար «Քորոնա» ժահրի հաւանական տարածումը կրիփի եղանակը չսկսած, հետեւելով հետեւեալ պարզ միջոցներուն՝

- 1.5 մեթրի միջոց պահել իրարու միջեւ

- Ձեռքերը լուալ յաճախակի կերպով:

- Հազալու եւ փռնգտալու ժամանակ քիթն ու բերանը ծածկել արմուկով:

- Տուն մնալ անհանգիստ զգալու պարագային:

- Այցելել բժիշկին պարզ հիւանդութիւններու եւ վիրաւորուելու պարագային:

- Հետեւեցէ՛ք Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան դիմատետրի էջին (www.facebook.com/ArmeniaOnline), ուր կը տեղադրուին տեղեկութիւններ Աւստրալահայ իրադարձութիւններու մասին, ինչպէս ձեռնարկներու փոփոխութիւններ, դպրոցներու փակում, մարզական ակումբներու ծանուցումներ, եւայլն:

- Եթէ Աւստրալահայ համայնքի որեւէ կազմակերպութեան կամ հիմնարկի պաշտօնատար անձ էք, կը խնդրենք տեղեկացնել մեզ այն բոլոր ձեռնարկներուն եւ գործունէութիւններուն մասին, որոնք ժահրի պատճառով տեղի պիտի չունենան, դիմելով admin@anc.org.au հասցէին, որպէսզի Արմենիա Մետիայի միջոցաւ զանոնք յայտարարենք:

- ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնն ու Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, համագործակցութեամբ երկարած են իրենց ձեռքերը բոլոր տարեցներուն եւ այն ընտանիքներուն, որոնք չեն կրնար իրենց տուներէն դուրս գալ եւ/կամ դժուարութիւն ունին ապահովելու իրենց առօրեայ պէտքերը: Բոլոր անոնք որոնք պէտք ունին նման օժանդակութեան կը քաջալերենք որ հեռաձայնով կապ հաստատեն ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչին օգտագործելով հետեւեալ թիւը.- 0420 541 843:

Կը խնդրենք մեր համայնքի անդամներէն լրջօրէն մօտենալ «Քորոնա» ժահրի սպառնալիքին, առանց խուճապի մատնուելու: Կ’աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք ազդուած են այս ժահրէն եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ իշխանութիւններուն հետ յաղթահարելու համար անոր սպառնալիքը:

Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ օգնութեան կարիք ունեցողներու համար պետութիւնը հաստատած է National Coronavirus HelpLine-ը, ուր կրնաք կապուիլ հեռաձայնելով 1800 020 080 թիւին, 24 ժամ, շաբաթը 7 օր:


Ջերմ բարեմաղթութիւններով՝

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
admin@anc.org.au

comments

Advertisement