By Asbarez | Wednesday, 01 February 2012
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճան հերթական անգամ բողոքի արշաւ սկսած է օտար գործիչի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան դէմ: Այս անգամ պաշտօնական Պաքուի զայրոյթին առիթը դարձած է աւստրալիացի պատգամաւոր, Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանի Հայ-աւստրալիական պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Ուոլթ Սեքորտի այցը:
Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը այդ առնչութեամբ բողոք յայտնած է Աւստրալիոյ դեսպանութեան: Պատգամաւորը, սակայն մամուլին յայտնած է, որ Արցախ մեկնած է իր նախաձեռնութեամբ եւ սեփական միջոցներով:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչումն Աւստրալիոյ կառավարութեան գործն է: Սակայն Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելը իմ պարտքս է, քանի որ ես Հայ-աւստրալիական բարեկամութեան խումբի համանախագահն եմ», յայտարարած է Սեքորտ:
Յիշեցնենք, որ Ուոլթ Սեքորտ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանի ուղեկցութեամբ՝ Դեկտեմբեր 27ին այցելած էր Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցած էր ԼՂՀ ղեկավարներուն հետ: Իսկ Արցախէն վերադառնալով, աւստրալիացի պատգամաւորը յարգանքի տուրք մատուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ:
Նշենք, որ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանը Աւստրալիոյ մէջ առաջինն էր, որ 1997ին ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, իսկ խորհրդարանի բակին մէջ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշաքար տեղադրած էր:
Ուոլթ Սեքորտի հետ կայացած զրոյցին վերջինս նշած էր, թէ ինքը առանձնայատուկ հետաքրքրութեամբ կ՛ուսումնասիրէ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու խնդիրները: Հրէական Հոլոքոսթը վերապրած ընկերներէն մէկուն պատմութիւնը ուսումնասիրելով՝ ան հասած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:
«Ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ես գտայ Հիթլերի խօսքերը, թէ «ո՞վ կը յիշէ հայերը»: Եւ այս տողը մղեց զիս աւելի խորութեամբ ուսումնասիրելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ես կը պաշտպանեմ այս օրերուն Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի մէջ կատարուող քայլերը: Կը կարծեմ՝ անբարոյական եւ չարամիտ է Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը: Ես երէկ Արցախի մէջ էի, այսօր Երեւանի՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ՝ յարգելու մէկ ու կէս միլիոն հայերուն յիշատակը», ըսած էր Սեքորտ:
comments