Աւստրալահայերը Յարգանք Պիտի Մատուցեն Սումկայիթեան Ջարդերու Զոհերու Յիշատակին

By Asbarez | Thursday, 16 February 2012

ՍԻՏՆԻ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը Սիտնիի հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ Մարտ 16ին պիտի կատարէ ձեռնարկ մը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու սումկայիթեան ջարդին զոհ գացած  հայորդիներու յիշատակին: Սումկայիթեան ջարդերու 24ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին պիտի մասնակցի նաեւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ուոլթ Սեգորտը: Ձեռնարկին պիտի ներկայացուի «Ղարաբաղի վէրքերը» խորագիրով վաւերագրական շարժապատկերը։

«Կարեւոր է յիշել իրադարձութիւնները եւ իրականացնել բազմաթիւ ձեռնարկներ, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը իրազեկ դարձնենք Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի մասին», ըսած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վարանդ Մկրտիչեան:

SYDNEY



MELBOURNE

comments

Advertisement