Աւստրալիոյ Հոլոքոսթի Կեդրոնը Կը Մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ժողովուրդը Իրազեկ Դարձնելու Աշխատանքին

By Asbarez | Wednesday, 07 March 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն Վարանդ Մկրտչեանը եւ Հոլոքոսթի կեդրոնի տնօրէն Ուորէն Ֆայնպըրկը քննարկած են միացեալ նախագիծեր, որոնց նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Մելպոռնի բնակչութիւնը աւելի եւս իրազեկ դարձնել։

Հայկական պատուիրակութիւնը հրաւիրուած էր Հոլոքոսթի թանգարան, ուր 2010էն ի վեր կը գործէ պատմաբան Տոնա Լի Ֆրիզի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին աշխատանքներու մնայուն ցուցադրութիւնը։

Հոլոքոսթի կեդրոնի գործադիր տնօրէնը խոստացած էր նաեւ կոմիտէն ներգրաւել Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման յառաջիկայ նախագիծերուն մէջ:

«Մեզ ուրախացնում է պրն. Ֆանպըրկի պատրաստակամութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւնները ներառելու Հոլոքոսթի կենտրոնի կողմից իրականացուող ցուցահանդէսներում եւ նախագծերում: Մենք սերտօրէն համագործակցելու ենք կենտրոնի հետ՝ վերջ դնելու համար ցեղասպանութիւններին», նշած է Հայ Դատի Մելպոռնի գրասենեակի ներկայացուցիչ Յովիկ Մելքոնեան:

comments

Advertisement