By armenia.com.au | Wednesday, 22 April 2015
Սիրելի Սիտնիաբնակ հայրենակիցներ,
Այս Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2015-ը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակն է:
24 ապրիլին, մեր ժողովուրդը պիտի յիշէ եւ աշխարհին յիշեցնէ 100 տարիներ առաջ թուրքին կատարած անմարդկային Ցեղասպանութիւնը եւ հայ հողին ու հայկական դարաւոր հարստութիւններուն բռնագրաւումը:
Հայութիւնը պիտի պահանջէ՛ քաղաքական պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիան, որ կը շարունակէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի մարդկային ու ազգային իրաւունքները:
Հայութիւնը պիտի պահանջէ՛ արդար հատուցում Ցեղասպանութեամբ իրմէ խլուած ազգային-եկեղեցապատկան բոլոր հարստութիւններուն:
Հայութիւնը պիտի պահանջէ՛ հայապատկան իր բոլոր հողերը եւ անոնց վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իր արդար իրաւունքին նուիրագործումը:
Երկու գլխաւոր ձեռնարկներ, որոնք կազմակերպուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Աւստրալիոյ Միացեալ Մարմնի կողմէ, կը պահանջեն բազմամարդ ներկայութիւն:
Առաջին՝ Բողոքի Ցոյց Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ (66 Ocean Street, Woollahra) որ կը սկսի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին եւ կ’աւարտի ժամը 4-ին: Խիստ կարեւոր է որ խիտ շարքերով բոլորս մասնակցինք այս ցոյցին ու մեր ձայնը լսելի դարձնենք, հակառակ այն իր իրողութեան որ Թուրքիոյ հիւպատոսարանը որոշած է միախմբել Սիտնիաբնակ թուրքերը փորձելու մեր ձայնը խեղդելու:
Երկրորդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Գլխաւոր Ձեռնարկը որ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 7-ին Sydney Town Hall (George Street, Sydney) հիւր բանախօս ունենալով Geoffrey Robertson QC:
Զոյգ միջոցառումներուն համար յատուկ փոխադրակառքեր տրամադրուած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն երթեւեկը դիւրացնելու համար: Նախապէս յայտարարուած մանրամասնութիւնները բարեփոխուած են եւ կը խնդրենք հետեւեալ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ տուեալները փոխանցէք ձեր հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
RYDE
Ցոյց
Երեք փոխադրակառքեր (buses) ճամբայ պիտի ելլեն կէսօրէ ետք ժամը ՃԻՇԴ 2-ին Արարատ Սկաուտական Սրահէն (Santa Rosa Park, Quarry Road, Ryde):
Նոյն փոխադրակառքերը վերադարձած պիտի ըլլան նոյն վայրը մինչեւ ժամը 5:
Ոգեկոչման Երեկոյ
Երեք փոխադրակառքեր ճամբայ պիտի ելլեն կէսօրէ ետք ժամը ՃԻՇԴ 6:15-ին Արարատ Սկաուտական Սրահէն (Santa Rosa Park, Quarry Road, Ryde):
Նոյն փոխադրակառքերը վերադարձած պիտի ըլլան նոյն վայրը ժամը 10-էն ետք:
WILLOUGHBY
Ցոյց
Երեք փոխադրակառքեր ճամբայ պիտի ելլեն կէսօրէ ետք ժամը ՃԻՇԴ 2-ին Հայ Մշակութային Կեդրոնէն (259 Penshurst Street, Willoughby):
Նոյն փոխադրակառքերը վերադարձած պիտի ըլլան նոյն վայրը մինչեւ ժամը 5:
Ոգեկոչման Երեկոյ
Երեք փոխադրակառքեր ճամբայ պիտի ելլեն կէսօրէ ետք ժամը ՃԻՇԴ 6:15-ին Հայ Մշակութային Կեդրոնէն (259 Penshurst Street, Willoughby).
Նոյն փոխադրակառքերը վերադարձած պիտի ըլլան նոյն վայրը ժամը 10-էն ետք:
FRENCHS FOREST / FORESTVILLE
Ցոյց
Երկու փոխադրակառքեր ճամբայ պիտի ելլեն կէսօրէ ետք ժամը ՃԻՇԴ 2-ին Jamieson Square Bus Stop-էն (Warringah Road, Forestville):
Նոյն փոխադրակառքերը վերադարձած պիտի ըլլան նոյն վայրը մինչեւ ժամը 5:
Ոգեկոչման Երեկոյ
Երկու փոխադրակառքեր ճամբայ պիտի ելլեն կէսօրէ ետք ժամը ՃԻՇԴ 6:15-ին Austral-Armenian Սրահէն (5 Grattan Crescent, Frenchs Forest):
Նոյն փոխադրակառքերը վերադարձած պիտի ըլլան նոյն վայրը ժամը 10-էն ետք:
WESTERN SYDNEY (BOSSLEY PARK)
Ցոյց
Երկու փոխադրակառքեր ճամբայ պիտի ելլեն կէսօրէ ետք ժամը ՃԻՇԴ 1-ին Նաւասարդ Սկաուտական Սրահէն (62-66 Bossley Road, Bossley Park):
Այս փոխադրակառքերը ցոյցէն ետք Bossley Park պիտի չվերադառնան, այլ պիտի օգտագործուին դէպի Sydney Town Hallփոխադրութեան եւ ոգեկոչման ձեռնարկէն ետք է որ պիտի վերադարնան Bossley Park (ժամը 10-էն ետք):
Ոգեկոչման Երեկոյ
Մէկ փոխադրակառք ճամբայ պիտի ելլէ կէսօրէ ետք ժամը ՃԻՇԴ 5-ին Նաւասարդ Սկաուտական Սրահէն (62-66 Bossley Road, Bossley Park):
Նոյն փոխադրակառքը վերադարձած պիտի ըլլայ նոյն վայրը ժամը 10-էն ետք:
ԾԱՆՕԹ.- Bossley Park-էն ցոյցի մասնակիցները ցոյցէն ետք պիտի փոխադրուին Sydney Town Hall եւ ոգեկոչման ձեռնարկէն ետք վերադառնան Bossley Park (ժամը 10-էն ետք):
Բոլոր անոնք որոնք պիտի օգտագործեն տրամադրուած փոխադրակառքերը պէտք է նկատի ունենան որ մէկէ աւելի փոխադրակառքեր կան եւ “first in, first served” ձեւն է որ պիտի կիրարկուի, եւ տեղ չմնալու պարագային անձնական միջոցներով պէտք է ուղղուիլ ձեռնարկներու վայրերը:
comments
ARF Australia Protests Armenian Government Policies During Meeting with Sinanyan
MARCH TO FOREIGN AFFAIRS MINISTRY FRIDAY 1ST SEPTEMBER
PRESS RELEASE: Australian City Launches Humanitarian Appeal for Artsakh
PRESS RELEASE: The Armenian Film Festival Australia returns to Sydney and Melbourne!
MEDIA RELEASE: Joint Javakhk Committee TUMO Box Set for Launch in 2024
Tasmanian State Parliament in Australia Recognises Armenian, Assyrian and Greek Genocides
AYF Australia Writes an Open Letter to the Prime Minister Ahead of Armenian Genocide Commemoration