* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Կլենտէյլի Խաչքարին Վրայ Յարձակումը՝ <<Ատելութենէ Բխած Ոճիր>>

Monday, 23 August 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: usa

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17ի յետմիջօրէին, ժամը 5։30ին, Կլենտէյլի ոստիկանապետ Ռան տէ Փոմփա, ընկերակցութեամբ երկու ոստիկան օգնականներու՝ Թոմ Լորենզի եւ Յարութ Պօզիկեանի, այցելեց Ազգ. առաջնորդարան եւ ընդունուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Ազգային վարչութեան անդամներէն Լեւոն Կիրակոսեան, Կարօ Էշկիեան, Ճորճ Չօրպաճեան եւ Թորոս Քէչէճեան։

Ոստիկանապետն ու ընկերակիցները եկած էին զեկուցում տալու խափանարարական այն դէպքին մասին, որ տեղի ունեցած էր շաբաթ մը առաջ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ. ծանօթ է, որ եկեղեցւոյ կողքին կանգնող խաչքարը, որ կ՛ոգեկոչէ յիշատակը Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը եւ տեղադրուած էր անոր 1700ամեակին առիթով, մեծապէս վնասուած էր Վիքթըր Փեթրեսքու անունով երիտասարդի մը անպատասխանատու արարքին պատճառով։

Ոստիկանապետն ու օգնականները ներկայացուցին խափանարարին հարցաքննութեան արդիւնքը, ինչպէս նաեւ անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ, նշելով, որ Փեթրեսքու չարագործութեան նախընթաց արարքներով արձանագրութիւն ունի ոստիկանութեան մօտ։ Թէեւ քննութիւնները կը շարունակուին, սակայն անոր արարքին մղում տուող որոշ կէտեր բացայայտուած են։ Ոստիկանութիւնը իր քննութիւններուն ու եզրակացութիւններուն մասին շուտով հաղորդ պիտի պահէ հանրութիւնը։

Առաջնորդն ու ժողովակիցները յստակ հարցումներ ուղղեցին ոստիկանապետին եւ ընկերակիցներուն, նկատել տալով, որ որոշ տուեալներ ցոյց կու տան, թէ Փեթրեսքուի արարքը կանխամտածուած բնոյթ ունի եւ պատահականութեան, անմիջական հակազդեցութեան մը հետեւանքը չէ։

Խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ նման արարքներու մղում տուող այլ պատճառներու մասին, որոնց շուրջ ոստիկանութիւնը կը շարունակէ իր քննարկումներն ու հետապնդումները։ Կը թուի, թէ խափանարարութիւնը հետեւանք է ատելութենէ բխող զգացումի (hate crime)։

Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց ոստիկանապետին՝ տարուած աշխատանքին համար, խնդրելով, որ հաղորդակցութիւնները շարունակուին, երբ նոր բացայայտումներ կատարուին։ Իր կարգին, ոստիկանապետը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ համբերութեամբ եւ լայնախոհութեամբ կը հետեւի այս աշխատանքին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18ի յետմիջօրէին, առաջնորդը ոստիկանապետ տէ Փոմփայէն տեղեկացաւ, որ ոստիկանութիւնը կապ պահած է Լոս Անճելըս գաւառի պետական դատախազութեան հետ ու յստակ դարձած է, թէ այս հարցին հետապնդումն ու քննարկումները պիտի կատարուին իբրեւ «ատելութենէ բխած ոճիր» (Hate Crime)։

 

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement