Արցախի հարաւը կը շէննայ. Յայտնիներու մասնակցութեամբ՝ բնակարանամուտ Արաջամուղ գիւղին մէջ

By Asbarez | Thursday, 06 April 2017

0406arachamough

ԼԱՒՍԻՆԷ ԹԵՒՈՍԵԱՆ

<<Ապառաժ>>ը կը տեղեկացնէ, որ <<Թուֆէնքեան>> բարեգործական հիմադրամին  կողմէ 2004ին Արցախի հարաւը հիմնադրուած Առաջամուղ գիւղը տարուէ տարի կ՛ընդարձակուի. Ապրիլ 4ին, առաջամուղցի 6 ընտանիք բնակարանամուտ տօնեց։

<<Առաջամուղը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի Արցախի համար: Ուստի մեր յետագայ քայլը դպրոցի վերակառուցումն ու բուժկէտի շէնքի կառուցումը պիտի ըլլայ>>, յայտնեց Թուֆէնքեան հիմնադրամի գործադիր-տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան եւ յոյս յայտնեց, որ տարիներ ետք նորակառոյց գիւղը վերածուի քաղաքի:

Տան բանալիները տանտէրերուն յանձնեցին Սերժ Թանքեան, Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիք Նազարեան: Վերջիններս երկօրեայ այցով Արցախ կը գտնուին:

Հանրայայտ ամերիկահայ ռոք երաժիշտ եւ երգահան Սերժ Թանքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս օրերուն ընթացքին Արցախի մէջ տեղի ունեցած կարգ մը ձեռնարկներու մասնակցած է, սակայն ասիկա ամէնէն ազդեցիկն էր:

<<Մենք երախտապարտ ենք այս մարդոց, որոնք այստեղ կ՛ապրին>>, յայտնեց Թանքեան:

<<8 տարի առաջ այցելած եմ Արցախ եւ այդ տպաւորութիւններն են, որոնք այսօր զիս այստեղ բերած են: Այս անգամ ես ետ կ՛երթամ նոր տպաւորութիւններով: Յուսամ, որ սփիւռքահայութիւնը եւս ժամանակ կը տրամադրէ Արցախի հետ ծանօթանալու>>, յայտնեց  դերասանուհի Արսինէ Խանճեան:

 


0406arachamough3

Նորակառոյց 6 տուները կառուցուած են <<Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամի եւ Միացեալ Նահանգներու <<Արցախ>> ֆոնտի ֆինանսաւորումով եւ Արցախի կառավարութեան աջակցութեամբ:

<<Մենք ուրախ ենք եւ երջանիկ այդ պարտականութիւնը մեր վրայ վերցնելուն համար: Արցախը մեր հայ ազգի ուժն է, եւ այն, ինչը մենք ըրած ենք, նուազագոյնն է>>, ըսաւ <<Արցախ>> ֆոնտի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Կիլիեան:

Նազարեաններու ընտանիքը 2013ին Արարատէն տեղափոխուած է Արցախ: Մինչ այդ տարբեր բնակավայրերու մէջ վարձով կը բնակէին:

<<Վերջապէս մեր սեփական տունը ունեցանք: Աշխատանքն ալ խնդիր չէ այստեղ: Քանի որ նախկին զինծառայող եղած եմ, հիմա ալ կը պատրաստուիմ վերադառնալ զինուորական գործիս, բայց արդէն Արցախի մէջ>>, պատմեց Նազարեաններուն հայրը:

Այսօր գիւղը 18 նորակառոյց առանձնատուն ունի: Ծրագիրին համաձայն՝ պէտք է կառուցուին եւս 32 տուներ: Նախատեսուած է նաեւ ընդարձակել գիւղի դպրոցն եւ բուժկէտ կառուցել:

<<Թուֆէնքեան>> հիմնադրամի հոգաբարձու Անդրանիկ Գասպարեան նշեց, որ այսուհետեւ Առաջամուղի ծրագիրը պիտի իրականացնէ <<Արցախ>> ֆոնտը:

<<Նպատակ ունինք մեր հիմնադրամի ծրագիրներուն միջոցով այլ բարերարներու ուշադրութիւնը սեւեռել դէպի Արցախ>>, նշեց Անդրանիկ Գասպարեան եւ աւելցուց, որ պէտք չէ հպարտանանք մէկ գիւղով, սահմանամերձ գօտիին վրայ պէտք է 20 նման գիւղ ունենանք:

Այգեստանի մէջ ապրող Նախշուն Յակոբեանի ընտանիքը քանի մը օրէն պիտի տեղափոխուի Առաջամուղի իր նոր բնակարանը:

<<Պատրաստ տուները մեզի յանձնեցին, մենք ալ մեր ընտանիքներով պիտի շէնցնենք այս տարածքը>>, ըսաւ Նախշուն եւ աւելցուց, որ լուացքի մեքենայի համար վարկ վերցնելու անհրաժեշտութիւն այլեւս չկայ, քանի որ բնակարանամուտի ատեն բարերար մը խոստացած է բոլորին լուացքի մեքենայ, սառնարան ու հեռուստեսիլ նուիրել:

 

 

comments

Advertisement