Յուսով եմ՝ մենահամերգս Արցախի մէջ չ՛ուշանար - Սերժ Թանգեան

By Asbarez | Thursday, 06 April 2017

0406serj

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Շատ երախտապարտ եմ հայ քաջարի զինուորներու ծառայութեամբ, կ՛ըսէ ամերիկահայ ռոք երաժիշտ եւ երգահան Սերժ Թանքեան, որ Պաշտպանութեան բանակի զօրամաս այցելելէ ետք մասնակցեցաւ նաեւ Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ նոր բնակարաններու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան։

<<Իրապէս շատ յուզուած եւ հպարտ եմ՝ տեսնելով Հադրութի շրջանի սահմանամերձ Առաջամուղ գիւղի նոր բնակարաններու յանձնման այս պահը: Ընկերոջս՝ Ատոմ Էկոյեանին կ՛ըսէի, որ տարբեր միջոցառումներու բացման մասնակցած եմ, բայց սա ամենայուզիչն էր ինծի համար, որովհետեւ այստեղ հայ ընտանիք պէտք է ապրի, որուն համար մենք շատ ուրախ ենք>>, ըսաւ Թանքեան եւ ընդգծեց, որ իրենք հաճոյքով պէտք է ծրագիր մը կազմակերպեն Արցախի մէջ:

<<Ես շատ կը ցանկայի, որ օր մըն ալ գայի Արցախ, նուագէի եւ եթէ կարենամ, ուրիշ արուեստագէտներ ալ հետս բերեմ: Հիմա ամենակարեւորը Արցախի մասին խօսիլն է եւ զայն ներկայացնելը տարբեր վայրերու եւ մարդոց: Պէտք է բոլորը իմանան, որ Արցախը շատ գեղեցիկ երկիր է. եւ այստեղի ժողովուրդը բոլորին կը սպասէ ժպիտներով եւ մեծ սիրով: Յոյսով եմ, որ իմ մենահամերգս Արցախի  մէջ չ՛ուշանար>>, ընդգծեց երգիչը:

Յիշեցնենք, որ <<Թուֆենքեան>> հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 3էն սկսեալ եռօրեայ այցով Արցախ կը գտնուին անուանի սփիւռքահայ արուեստագէտներ Սերժ Թանքեան, Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիք Նազարեան:

 



comments

Advertisement