Ան կ՛արատաւորէ մեր անունը. Պոլսահայերը ստորագրահաւաք սկսած են Արամ Աթէշեանի դէմ

By Asbarez | Monday, 15 May 2017

0000BOLIS

ՊՈԼԻՍ - Պոլսահայութիւնը ստորագրահաւաք սկսած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի պաշտօնին մնալ շարունակող Արամ արք. Աթէշեանի դէմ:

<<Չէյնճ>> (Change.org) կայքին վրայ բացուած ստորագրահաւաքի մասնակիցները կը պահանջեն Աթէշեանի հրաժարականը եւ կը նշեն, որ վերջինս արժանի չէ իր զբաղեցուցած պաշտօնին, կ՛արատաւորէ Պոլսոյ հայ համայնքի անունը յաչս աշխարհին, ինչպէս նաեւ չարաշահելով իր դիրքը՝ կը թալանէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի նիւթական ունեցուածքը: Անոնք կը պահանջեն նաեւ զրկել զայն արքեպիսկոպոսի հոգեւորական կոչումէն, կը հաղորդէ <<Թեր>>չը:

Յիշեցնենք, որ Փետրուարին, Էջմիածինի մէջ կայացած որոշումին համաձայն՝ Մարտ 15ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք ընտրուեցաւ Գարեգին արք. Պէքճեան:

Ընտրութենէն ետք, Պոլսոյ նահանգապետարանը անակնկալ կերպով միջամտեց ընտրութիւններուն: Նահանգապետի տեղակալը, նախքան պատրիարքարանին մէջ ընտրութիւններ սկսիլը ուղարկած է գրութիւն մը, որուն մէջ իրաւաբանօրէն անհնար կը համարէ պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացի մեկնարկը: Այս գրութիւնը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք պատրիարքարանի հոգեւորականներուն ներկայացուցած էր տեղապահի ընտրութիւններուն պարտուած փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ յայտարարած, որ պիտի չհեռանայ տեղապահի իր պաշտօնէն:

 



comments

Advertisement