By Aztag Daily | Monday, 17 July 2017
Թրքական տարբեր աղբիւրներու համաձայն, պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեան խոյս տուած է թրքական բանտէն:
Արդարեւ, ան 14 յուլիսի առաւօտեան, բանտի ղեկավարութեան արտօնութեամբ, հերթական անգամ ըլլալով դուրս եկած է բանտէն` վերադառնալու պայմանով, որովհետեւ իբրեւ ոչ վտանգաւոր բանտարկեալ` Նշանեան ենթակայ էր <<բանտային բաց դրութեան>>, հետեւաբար` հերթականօրէն կրնար նման <<արձակուրդներ>> վայելել:
Սակայն, այս անգամ, Նշանեան որոշուած ժամուն չէ վերադարձած Ֆոճայի բանտ, իսկ աւելի ուշ <<Թուիթըր>>-ի եւ <<Ֆէյսպուք>>-ի իր էջերուն վրայ գրած է. <<Թռչունը թռաւ: Տարոսը մնացեալ 80 միլիոնին>>, ակնարկելով Թուրքիոյ բնակչութեան:
Աւելի ուշ, Նշանեան <<Հապերթիւրք>> լրատու գործակալութեան հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով հաստատած է, որ ինք երկրէն հեռացած է` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:
Այս մասին թուրք այլախոհ պատմաբան Թաներ Աքչամ գրած է. <<Սեւան Նշանեանը փախուստի դիմած է` ըսելով. <<թռչունը թռաւ>>, բոլոր թռչուններուն համար ազատ աշխարհի մը ակնկալիքով…>>:
Նշենք, որ Նշանեան 2014-ին 17 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր` անհիմն ամբաստանութիւններով:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian