Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին՝ գողերու թիրախ

By Asbarez | Wednesday, 20 September 2017

0920kirakosԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> -  <<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>> կայանը կը հաղորդէ, թէ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին գողերու թիրախ դարձած է ու կը թալանուի։ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այլըք ըսած է, որ թուրք-քրտական բախումներուն իբրեւ հետեւանք՝ շրջանէն ներս արտակարգ դրութեան ու փողոց ելլելու արգելքին պատճառով, իրենք մեծ դժուարութեամբ արտօնութիւն կը ստանան եկեղեցի մուտք գործելու համար։

Այլըք յայտնած է, որ աւազակներ, օգտուելով այս առիթէն՝ դիւրութեամբ կը մտնեն հոն, ուստի ամէն օր եկեղեցիէն իրեր կը պակսին։ Ան կոչ ուղղեց, որ համապատասխան մարմինները անհրաժեշտ միջոցառումներ իրականացնեն՝ եկեղեցւոյ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար։

Բախումներուն իբրեւ հետեւանք՝ եկեղեցին վնասներ կրած է ու վերանորոգութեան կարիք ունի։ 31 տարուան դադարէ ետք, 2011ին Ս. Կիրակոս եկեղեցին վերաբացուեցաւ, բայց անկէ չորս տարի ետք սկսած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով այժմ եկեղեցին անգործածելի դարձած է։

 

comments

Advertisement