Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

By Asbarez | Wednesday, 20 September 2017

0920Dzidernagapert

ԵՐԵՒԱՆ - <<Նիուզ>>ը կը հաղորդէ, թէ Հայաստան-սփիւռք համահայկական վեցերորդ համաժողովի մասնակիցները Երեքշաբթի, 19 Սեպտեմբերին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր։

Համաժողովի մասնակիցները ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ լռութեամբ յարգեցին զոհերու յիշատակը:

Հիւրերը այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ գրութիւններ արձանգրեցին յուշամատեանին մէջ:


comments

Advertisement