Երուսաղէմի քաղաքապետը այցելեց Հայոց Պատրիարքարան

By Asbarez | Tuesday, 23 January 2018

0000JERUSALEM

Երեքշաբթի, 16 Յունուարին Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Երուսաղէմի քաղաքապետ Նիր Պարկատ այցելեց Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քաղաքապետը տեղեկացաւ Հայոց պատրիարքի մտահոգութիւններուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին: Սրբազանը խօսեցաւ Սուրբ Փրկիչ եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիներու գմբէթներու նորոգութեան, Կարապետ եպիսկոպոսի արտին վրայ յարկաբաժին կառուցելու, Փիլիպպոսի աղբիւրի հայկական հողին վրայ բացօթեայ խորան կառուցելու, դէպի Ակեղդամա տարին մէկ անգամ ուխտագնացութիւն կազմակերպելու եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ։


comments

Advertisement