Տրապիզոնի Եկեղեցւոյ Դէմ Ահաբեկչական Գործողութիւնը Կը Ձախողի

By Asbarez | Tuesday, 06 February 2018

0206Drabizon

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տրապիզոնի Սանթա Մարիա (Սուրբ Աստուածածին) կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, ուր Փետրուար 5, 2006ին սպաննուած էր Անտրէա Սանթորօ անունով հոգեւորականը, պատահեցաւ ահաբեկչական նոր փորձ մը։

Արդարեւ, եկեղեցւոյ պաշտօնեաները Կիրակի առաւօտ նկատեցին, որ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տարօրինակ առարկայ մը գոյութիւն ունի, եւ դիմեցին ոստիկանութեան։ Ոստիկանութիւնը վրայ հասնելով՝ նկատեց, որ առարկան պայթուցիկով բեռնաւորուած է, սակայն բարեբախտաբար չէ պայթած։ Ոստիկանութիւնը անմիջապէս սկսած է հետապնդելու կասկածելի անձը կամ անձերը։

Յատկանշական է, որ դէպքը կը զուգադիպէր Անտրէա Սանթորոյի մահուան տարելիցին։ Անտրէա Սանթորօ սպաննուած էր նոյն այս եկեղեցւոյ մէջ աղօթելու ընթացքին։ Ոճրագործը 16ամեայ ազգայնամոլ մըն էր, որ օրին ձերբակալուեցաւ եւ Տրապիզոնի եղեռնադատ ատեանին կողմէ մօտաւորապէս 19 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։

comments

Advertisement