Նորա Արիսեան Ընդգրկուեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի «Սահմանադրութիւնը Քննարկող Յանձնաժողով»ի Կազմին Մէջ

By Asbarez | Tuesday, 06 February 2018

0000NORA (2)

Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեան կարեւոր քայլ կը համարէ սուրիական հարցով Սոչիի մէջ կայացած ժողովը, որուն ան մասնակցեցաւ իբրեւ Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական բարեկամանական խումբի նախագահ:

«Իմ կարծիքով՝ Սոչիի ժողովը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ անիկա տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակներ արձանագրուեցանն: Սոչիի ժողովը փաստեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական գործընթացը կը սկսի ու կը շարունակուի սուրիական ղեկավարութեամբ՝ առանց արտաքին միջամտութիւններու», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ յայտնեց հայ պատգամաւորը:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ ինք մաս կը կազմէ ժողովին իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած «Սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնաժողով»ին, որ բաղկացած է 150 անդամներէ:

«Ժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութիւնը ինքնին կը բացայայտէ, որ սուրիացիները մեծամասնութեամբ կառչած են ազգային սկզբունքներուն եւ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան», յայտնեց Նորա Արիսեան:

comments

Advertisement