By Asbarez | Wednesday, 14 February 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Երեքշաբթի, 13 Փետրուարին, այցելեց սփիւռքի նախարարութիւն՝ ծանօթանալու 2017ի գերակայ հարցերու կատարման եւ միջոցառումներու իրականացման արդիւնքներուն եւ 2018ի ծրագիրներուն:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զեկուցեց, որ 2017ին նախարարութեան առաջ դրուած էին ռազմավարական երեք հարցեր՝ նպաստել հայապահպանութեան՝ համագործակցելով Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ հոգեւոր կառոյցներու հետ, նպաստել հայկական ներուժի յայտնաբերման ու համախմբման՝ Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական զարգացման նպատակով եւ մշակել հայրենադարձութիւնը խթանող ծրագիրներ:
Հայրենադարձութեան վերաբերեալ նախարարը յայտնեց, որ մշակուած է ռազմավարութիւն, ծրագիր, գործողութիւններու ծրագիր եւ օրէնքի նախագիծ:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնեց հայապահպանման, Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման, սփիւռքահայ երիտասարդութեան մէջ պատմական յիշողութեան ամրապնդման ուղղութիւններով տարուող շարունակական աշխատանքէն:
Կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան տնտեսական օրակարգի ձեւաւորման հարցին՝ կարեւոր նկատելով ներդրումներու ներգրաւման, հայրենադարձութեան խթանման եւ մասնագիտական ներուժի համախմբման ուղղուած ծրագիրները:
Հայրենադարձութեան վերաբերեալ սուրիահայերու փորձառութեան վրայ այժմ պէտք է ձեւակերպենք, թէ ինչպէս պէտք է ներգրաւենք սփիւռքահայութիւնը, ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ պէտք է համախմբել Սփիւռքի մասնագիտական ներուժը՝ նպատակ ունենալով աւելցնել արտաքին աշխարհի հետ շփման հնարաւորութիւնները՝ ժամանակակից քաղաքացի ունենալու համար:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian