Վատիկանի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանին

By Asbarez | Friday, 06 April 2018

0406pope-aram

ՎԱՏԻԿԱՆ - Հինգշաբթի, 5 Ապրիլին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութիւնը:

Բացումը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան:

Այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձաւ Միքայէլ Մինասեանի եւ ռուսիաբնակ յայտնի գործարար Արթուր Ջանիբեկեանի բարերարութեամբ ու Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մշակոյթի բաժինի պատասխանատու Վարդան Կարապետեանի կազմակերպական ջանքերուն շնորհիւ: Պատրաստուած է նոյն արձանէն երկու օրինակ. անոնցմէ մէկը տեղադրուեցաւ Վատիկանի մէջ, իսկ երկրորդը պիտի տեղադրուի Էջմիածինի մէջ:

0406pope-aram4

Վատիկանի պարտէզներուն մէջ արձանի հանդիսաւոր բացումէն ետք տեղի ունեցաւ էքումենիք արարողութիւն՝ Ֆրանսիս պապի, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին մասնակցութեամբ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ այցելեց  Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն, ուր տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:

Նախագահին հրամանագիրներով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վատիկանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին իր բերած ներդրումին ու նշանակալի աւանդին համար Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանը պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2րդ աստիճանի շքանշանով:

0406pope-aram3

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ իր ներդրած նշանակալի աւանդին համար Իտալիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտի Հայաստան-Իտալիա խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամ, ծերակուտական Ալտօ տի Պիաճոյի պարգեւատրուեցաւ <<Մխիթար Գօշ>> շքանշանով:


comments

Advertisement