Մեղմ պատիժներ՝ ցուցարարներ ծեծած Էրտողանի 2 համակիրներուն

By Asbarez | Friday, 06 April 2018

0406Erdoganattacks_May2017

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի գերագոյն ատեանի դատարան մը Ապրիլ 5ին մեղմ պատիժներ սահմանեց անցեալ տարուան Մայիս 16ին Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն առաջնորդութեամբ խաղաղ ցուցարարներու դէմ կատարուած յարձակումին երկու թուրք մասնակիցներուն։

Արդարեւ, Էյուպ Եըլըրըմ եւ Սինան Նարին, որոնք կրնային մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ, միայն մէկ տարուան բանտարկութեան եւ երեք տարի հսկողութեան տակ մնալու դատավճիռ ստացան՝ 100ական տոլարի տուգանքի կողքին։ Նկատի ունենալով, որ երկու դատապարտեալները անցեալ տարուան Յունիս 14ին ձերբակալուեցան եւ տակաւին բանտարկուած կը մնան, անոնք քանի մը ամիսէն ազատ պիտի արձակուին։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ ականատես էր մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ տեղի ունեցած վայրագ յարձակումին, խստօրէն դատապարտեց դատարանին որոշումը՝ զայն «իւրաքանչիւր ամերիկացիի համար մտահոգիչ» արարք մը համարելով, յատկապէս երբ անիկա կու գայ Էրտողանի շարք մը թիկնապահներուն հանդէպ ամբաստանութիւնները ետ քաշելու որոշումէն ետք։

Վճիռը դատապարտուեցաւ նաեւ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեանի կողմէ, օտար կառավարութեան մը կողմէ ամերիկացի քաղաքացիներու դէմ կազմակերպուած նման բռնարարքի նկատմամբ ամերիկեան արդարադատութեան համակարգին սոյն կեցուածքը անտարբերութեա՛ն համազօր քայլ մը նկատելով։

Այս մասին Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնին հրապարակած յայտարարութիւնը կարելի է կարդալ http://armenianlegal.org/wp-content/uploads/2018/04/Community-Impact-Statement-4.5.18.pdf կայքէջին վրայ։

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատախազութիւնը գաղտնաբար կասեցուցած էր Թուրքիոյ նախագահի 15 թիկնապահներէն 11ին հանդէպ քրէական հետապնդումը՝ պնդելով, որ անոնց մէկ մասը սխալ կերպով ամբաստանուած էր, իսկ միւս մասին դէմ բաւարար փաստեր չկային: Մարտ 22ին բացայայտուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ բռնարարքներու դիմած 15 թիկնապահներէն չորսին դէմ ամբաստանութիւնները վերցնելու հայցով դատախազութիւնը անցեալ տարուան Նոյեմբերին դատարան դիմած էր՝ ստանալով դրական պատասխան, իսկ այս տարուան Փետրուար 14ին՝ հրաժարեալ արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի Անգարա այցէն մէկ օր առաջ, կասեցուած էր նաեւ այլ 7 թուրք թիկնապահներու դատական հետապնդումը: Այս վերջին խումբին մէջ կար նաեւ Էրտողանի թիկնապահներու պետին անունը:

Թիկնապահներուն բռնարարքները եւ անոնց հետապնդումը յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծած էին արդէն իսկ ոչ նախանձելի վիճակի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ: Դիւանագիտական շրջանակներ այս մեղմ քայլը կը կապեն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերուն, մինչ Թուրքիա ամէն օր աւելիով կը խստացնէ Ուաշինկթընի հասցէին իր քննադատութիւնները։

Էրտողանի թիկնապահներուն եւ 4 այլոց դէմ ամբաստանութիւնները կատարուած էին անցեալ տարուան Մայիսին, անոր Ամերիկա այցին ընթացքին, Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ տեղի ունեցած բախումներէն ետք: Տեսանիւթերու մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Էրտողանի թիկնապահները բռունցքներով եւ ոտքերով կը հարուածեն ցուցարարները, մինչ ոստիկաններ կը փորձեն կողմերը իրարմէ բաժնել: Այդ միջադէպին իբրեւ հետեւանք, առնուազն 9 ցուցարարներ եւ 3 ոստիկաններ վիրաւորուած էին: Էրտողանի դէմ ցոյցին մասնակցած էին քիւրտեր, հայեր, ասորիներ եւ այլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներ: Անցեալ տարուան Յունիս 6ին, Ներկայացուցիչներու տունը խստօրէն դատապարտեց թրքական այս բռնարարքը, իսկ Յուլիս 14ին վաւերացուց քոնկրեսական Տէյվ Թրաթի առաջադրած՝ Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր ծախելու ծրագիրը կասեցնելու մասին յաւելուածը: Տեղի տալով քոնկրեսական ճնշումներուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը աւելի ուշ ետ քաշեց Էրտողանի թիկնապահներուն զէնքեր ծախելու առաջարկը:

Ապա, 29 Օգոստոս 2017ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէկ ատեանը, ատելութեան հիման վրայ ոճրագործութեամբ ամբաստանեց 19 հոգի, ներառեալ՝ Էրտողանի 15 թիկնապահները: Ատելութեան հողի վրայ յարձակում իրականացնելու յանցանքով, ամբաստանեալները կրնան մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Ամբաստանեալներէն երկուքը գանատահպատակ են, որոնց մասին կ՛ըսուի, թէ արդէն իսկ Թուրքիա վերադարձած են։ Էրտողանի միւս 4 թիկնապահները եւս ցարդ չեն ձերբակալուած։

comments

Advertisement