Աշոտ Ղուլեան Ֆրանսայի մէջ մասնակցեցաւ Թրաւերի Արցախ Երկրի Մը Ոգին ցուցահանդէսի բացումին

By Asbarez | Saturday, 07 April 2018

0407ghulian

ՓԱՐԻԶ - Ֆրանսա կատարած աշխատանքային իր այցելութեան ծիրին մէջ 5 Ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան այցելեց Սարսել:

Խորհրդարանի նախագահը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցեցան ֆրանսացի լուսանկարիչ Իվան Թրաւերի <<Արցախ. երկրի մը ոգին>> խորագիրով ցուցահանդէսի բացումին, որ կազմակերպուած էր <<Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր>> ծրագիրի շրջագիծին մէջ:

Կազմակերպուեցաւ նաեւ խորհրդարանի ղեկավարին ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը Սարսելի քաղաքապետարանին մէջ, որուն մասնակցեցան քաղաքապետ Անի Պերոնէ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ֆրանսուա Փուփոնի, Սարսելի եւ շրջանի բնակավայրերու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ քաղաքապետը եւ պատգամաւոր Ֆրանսուա Փուփոնի: Անոնք ընդգծեցին, որ Արցախի ժողովուրդէն շատ բան կարելի է սորվիլ. դժուար պայմաններու մէջ վերջիններս կը շարունակեն մաքառիլ՝ ապագայ սերունդին համար ոչինչ խնայելով եւ այդ մէկը արժանի է ընդօրինակման:

Ազգային ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ անկեղծ մաղթանքներուն համար՝ շեշտելով, որ արցախցիներուն համար ազատութեան ֆրանսական ուղին լաւագոյն օրինակներէն մէկն է:

 



comments

Advertisement