Սփիւռքի նախարարութեան մէջ հանդիպում՝ Դասաւանդի՛ր, Հայաստան ծրագիրի սփիւռքահայ եւ Հայստանցի մասնակիցներու հետ

By Asbarez | Tuesday, 10 April 2018

 

0410teacharmenia

ԵՐԵՒԱՆ - 7 Ապրիլին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում <<Դասաւանդի՛ր, Հայաստան>> հիմնադրամի ղեկավարներուն եւ ծրագիրի սփիւռքահայ եւ հայաստանցի մասնակիցներուն հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ իրանահայ խմբավար եւ երգահան Լորիս Ճգնաւորեանի քոյրերը՝ աւստրիահայ գործիչ Արշալոյս եւ Միացեալ Նահանգներ բնակող գործարար Իտա Փիրուզա Ճգնաւորեանները:

Ողջունելով հանդիպումին մասնակիցները՝ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ. <<Սիրելի երիտասարդներ, ուսուցիչներ, նուիրեալ հայրենասէրներ, ձեր աշխատանքը շատ կարեւոր է, անգնահատելի է Հայաստան պետութեան զարգացումին համար: Ուրախ եմ, որ համախմբուած էք կրթութիւնը բոլոր երեխաներուն հասանելի դարձնելու, ձեր գիտելիքները փոխանցելու վեհ գաղափարին շուրջ: 21րդ դարը գիտելիքի դար է: Հզօր են այն ազգերը, որոնք աւելի գրագէտ են եւ զարգացած: Դուք ձեր գիտելիքները կը փոխանցէք ա՛յն փոքրիկներուն, որոնք հեռաւոր կամ սահմանամերձ գիւղերու մէջ են: Դուք վերցուցած էք ազգին բեռը, երկրի ապագան կերտելու պատրաստակամութիւնը եւ գործով կ՛ապացուցէք ձեր հայրենասիրութիւնն ու հայրենիքի զարգացման համար աշխատելու նուիրումը: Շնորհակալ եմ: Վստահ եմ, որ ձեր նման հայրենիքը բացայայտած ու անոր հարցերու լուծման գործին մէջ իրենց նպաստը բերած երիտասարդներու օրինակը, հայրենիք վերդառնալու, այստեղ ապրելու եւ աշխատելու ձեր յաջող փորձառութիւնը հրաշալի ազդակ կը դառնայ հազարաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներու համար: Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ աջակցիլ ծրագիրին՝ աւելի շատ սփիւռքահայ երիտասարդներ ներգրաւելու գործին>>:

0410teacharmenia1

<<Դասաւանդի՛ր, Հայաստան>> հիմնադրամի ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ եւ քաջալերող խօսքերուն համար եւ յայտնեց, որ այդ խօսքերը կ՛ոգեւորեն դժուար պայմաններու մէջ աշխատող երիտասարդ ուսուցիչները: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց առաւել սերտօրէն համագործակցելու սփիւռքի նախարարութեան հետ։ <<Մենք մէկ երկիր ունինք եւ միասին պէտք է աշխատինք, որ անոր ապագան շատ լաւ ըլլայ: <<Դասաւանդի՛ր, Հայաստան>>ը հարթակ մըն է, որ կարելիութիւն կու տայ երիտասարդ մասնագէտներու՝ իրագործելու հայրենիքին օգտակար ըլլալու, անոր վաղուան օրը կերտելու իրենց ծրագիրները>>, աւելցուց ան:

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Հայաստանի կրթական համակարգի զարգացման գործին մէջ իր ունեցած աւանդին համար Հայաստան Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը Լարիսա Յովհաննիսեանը պարգեւատրեց պատուոգիրով:

<<Դասաւանդի՛ր, Հայաստան>> հիմնադրամի կրթական ծրագիրին աշխոյժ մասնակցութեան, դպրոցականներու կրթադաստիարակչական գործունէութիւն ունեցած յաջողութիւններու համար շնորհակալագիրներու արժանացան ծրագիրի 50է աւելի մասնակիցներ:

0410teacharmenia2

Ելոյթ ունեցան ծրագիրի սփիւռքահայ մասնակիցներ Շողիկ Քէօշկէրեան, Խաչիկ Չուխաճեան, Արշալոյս Ամսիհ եւ հայաստանցի Գայիանէ Անդրէասեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին գնահատանքի համար ու շեշտեցին, որ հպարտ են հայրենիքի ապագայի կերտման մէջ իրենց փոքրիկ ներդրումով:

Երիտասարդ ուսուցիչներուն քաջալերանքի խօսքեր արտասանեց նաեւ Արշալոյս Ճգնաւորեան:

 

comments

Advertisement