Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Յայտարարութիւնը

By Asbarez | Friday, 20 April 2018



ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ) հրապարակեց վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն եւ անոնց խիստ հակադարձութիւններուն մասին յայտարարութիւն մը՝ շեշտելով, որ քաղաքացիներուն տարրական իրաւունքն է խաղաղ ցոյցեր կատարել եւ արտայայտել իրենց կարծիքները։

Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ համայն հայութեան նման, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն մօտէն կը հետեւի Հայաստանի իրադարձութիւններուն՝ վստահ ըլլալու համար, որ հայութեան իրաւունքները չեն ոտնակոխուիր։

«Մտահոգ ենք ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներով եւ կը դատապարտենք ուժի չափազանց օգտագործումը։ Երկար տարիներէ ի վեր բողոքի ցոյցերով եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան քայլերով քաղաքական իր կամքը արտայայտած ՀԵԴն շատ լաւ կը հասկնայ նման միջոցներու կարեւորութիւնը եւ կը գիտակցի, որ անոնք կենսական են ժողովուրդը քաղաքական աշխուժութեան առաջնորդելու ջանքերուն համար։ Այս պատճառով, մենք զօրավիգ կը կանգնինք ազատ արտայայտուելու, հաւաքներ կազմակերպելու եւ տարակարծիք ըլլալու իրաւունքներուն՝ զանոնք նկատելով հասուն ժողովրդավարութեան կենսական բաղադրեալները։

«Կը հաւատանք, որ Հայաստանի ապագան իր անընկճելի եւ պարկեշտ քաղաքացիներու ձեռքերուն մէջ կը մնայ։ Կը հաւատանք, որ նոր սահմանադրութեամբ խորհրդարանական կառավարման անցումը յատկանշական փոփոխութիւններու պիտի առաջնորդէ։ Այս բարեփոխումները, եթէ լաւապէս գործադրուին՝ կրնան սրբագրել նախորդ քաղաքական համակարգին սխալները։ Քաղաքական այս փոխանցման մէջ քաղաքացիներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը կենսական է՝ իշխանութիւնը ժողովուրդին վերդարաձնելու եւ կառավարութիւնը հաշուետու պահելու ջանքերուն համար։ Այս հանգրուանին, միասնաբար պէտք է գործենք՝ անտեսելով սահմաններու եւ սերնդական տարբերութեանց խոչընդոտները, բարելաւելու համար մեր հայրենիքի կացութիւնը։ Պետութիւնը ամրապնդելու գործընթացը շարունակական, լուրջ աշխատանք պահանջող առաքելութիւն մըն է, որ նաեւ կը պահանջէ աննկուն կամք եւ գործօն մասնակցութիւն։ Յանձնառու կը մնանք այս գործընթացին», կ՛եզրակացնէ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն։

comments

Advertisement