Կարօ Փայլան Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն՝ Տիգրանակերտէն

By Asbarez | Tuesday, 22 May 2018

0522garo paylan

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Թրքական <<Մեզոփոթեմիա>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Յունիս 24ին կայանալիք կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրկին պիտի առաջադրուի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, սակայն ի տարբերութիւն 2015ի ընտրութիւններուն, երբ Փայլան առաջադրուած էր Պոլիսէն, այս անգամ անոր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրուի Տիգրանակերտի ցանկին մէջ:

Կարօ Փայլան պատգամաւոր ընտրուելէ ետք յայտնի դարձաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր ունեցած համարձակ ելոյթներով: Ան բազմաթիւ անգամներ բարձրաձայնած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը՝ կոչ ընելով իշխանութիւններուն առերեսուելու սեփական պատմութեան եւ ընդունելու պատմական այդ յանցանքը: Պատգամաւորը նոյնիսկ առաջարկ ներկայացուց այս տարի, 1915ի սպանդները պաշտօնապէս ճանչնալու իբրեւ ցեղասպանութիւն: Առաջարկը մերժուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ: Ան նաեւ պարբերաբար բարձրաձայնած է պոլսահայ համայնքին հարցերը, մասնաւորապէս Պոլսոյ Հայոց պատրիարք ընտրելու անհրաժեշտութեան հարցը:

Խորհրդարանի ամպիոնէն Ցեղասպանութեան մասին խօսելուն համար, ան նոյնիսկ ենթարկուած է պատիժներու, եւ անցեալ շաբաթ յայտնի դարձաւ, որ անոր դէմ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածով հետաքննութիւն մը սկսած է: Հետաքննութեան ծիրէն ներս կազմուած է պահանջագիր մը՝ զայն իր անձեռնմխելիութենէն զրկելու մասին:

2015ի Նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Թուրքիոյ խորհրդարանը ունեցաւ 3 հայ պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլանը, քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած իրաւաբան Սելինա Տողանը եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած հայ լրագրող Մարգար Եսայեանը:

Յունիս 24ի ընտրութիւններուն ընդառաջ, Հանրապետական կուսակցութիւնը հրապարակած էր իր թեկնածուներուն ցանկը, ուր այս անգամ չկայ Սելինա Տողանի անունը: Իսկ Մարգար Եսայեանի առաջադրման մասին յայտնի պիտի ըլլայ, երբ իշխող կուսակցութեան ցանկերը հրապարակուին:

Թուրքիոյ մէջ Յունիս 24ին տեղի պիտի ունենան արտահերթ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններ: Ընտրութիւններէն ետք, երկիրը կառավարման խորհրդարանական համակարգէն պիտի անցնի նախագահական համակարգի: Նոր խորհրդարանը պիտի ունենայ 600 պատգամաւոր՝ նախկին 550ին փոխարէն:

 

ՊԻՏԻ ՉՀՐԱԺԱՐԻՄ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՅՔԱՐԷՆ. ՓԱՅԼԱՆ

 

Միւս կողմէ, <<Ակօս>>ը կը տեղեկացնէ, թէ Փայլան պատասխանած է իրեն դէմ բացուած նորագոյն դատին մասին հարցումներու՝ յիշեցնելով, որ ինք միշտ <<ցեղասպանութիւն>> անուանած է իր ընտանիքին եւ ազգին ապրած ողբերգութիւնը։ <<Իբրեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Թուրքիոյ խորհրդարանէն պահանջած եմ իրերը իրենց անուններով կոչել: Ինչպէս ամէն տեղ, այնպէս ալ ինծի դէմ յարուցուած քրէական գործին մէջ նշուած հարցազրոյցին ընթացքին գործածած էի ցեղասպանութիւն բառը, սակայն ես ոչ թէ այսօրուան թուրք ժողովուրդը մեղադրած եմ, այլ այն ժամանակուան ցեղասպան մտածելակերպով ռազմական խորհուրդը: Ցաւօ՛ք, այժմ Թուրքիա կրկին ետ կը գլորուի, եւ անցեալին հետ առերեսման պահանջները կը փորձեն ճնշումներով կանխել: Դատախազներն ու անոնց քրէական գործին կանաչ լոյս վառած արդարադատութեան նախարարութիւնը թող իմանան, որ ինծի դէմ քրէական գործ յարուցելով չե՛ն կրնար ստիպել ինծի, որ հրաժարիմ արդարութեան համար պայքարէն>>, ըսած է Կարօ Փայլան:

 



comments

Advertisement