Օրինակելի նուիրատուութիւն ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Առողջապահական Կեդրոնին

By ARS Central Executive | Thursday, 05 July 2018

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կուգայ տեղեկացնելու 200,000 աւստրալիական տոլար ($153 000 ամերիկեան) յատկացում մը Հայ Օգնութեան Միութեան՝ ըստ հանգուցեալ Տէր եւ Տիկին Յարութիւն եւ Ծովինար Մատթէոսեաններու կտակի ցանկութեան։ Մատթէոսեան ամոլը, մի՛շտ պատրաստ օգնելու ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրներու լաւագոյնս գործադրման, իրենց մահկանացուն կնքեցին 2017 թուին, կտակելով վերոյիշեալ գումարը Հայ Օգնութեան Միութեան՝ որպէս գրաւակա՛ն այն հաւատքին որ անոնք ունէին ՀՕՄ-ի մարդասիրական առաքելութեան եւ անկէ բխող այլազան ծրագիրներուն կենսարար արդիւնաւորման վրայ։

Ի դիմաց այս առատաձեռն նուիրատուութեան, Աւտրալիոյ ՀՕՄ-ի ատենապետուհի՝ ընկերուհի Նորա Սեւակեան նշեց. <<Այսպիսի մեծ գումար մը ՀՕՄ-ի ‘Մօր ու Մանկան’ Առողջապահական Կեդրոնին ու ծննդատան յատկացնելու որոշումը ցոյց կուտայ կտակարարներուն օրինակելի նուիրու՛մը հանդէպ գաղութին ու հայրենիքին>>:

Նոյն ոգիով, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Գարոլին Շմաւոնեան ըրաւ հետեւեալ հաստատումը. <<Մատթէոսեան ամոլի նման բարերարներու անվարան նիւթական ու բարոյական ներդրումնե՛րն են որ մեր Միութեան կարողականութիւնը կու տան իրականացնելու իր առաքելութեան պահանջները յօգուտ մեր ժողովուրդին>>:

Մօտ քառորդ դար առաջ, 1997 թուին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը որոշեց Ախուրեանի մէջ կառուցել ու պահել Առողջապահական նախարարութեան կողմէ վաւերացուած, ոչ-շահաբերական Առողջապահական կեդրոն մը՝ ՀՕՄ-ի ամբողջական նիւթական յատկացումներով։ Սկզբնական շրջանին, Կեդրոնը կոչուած էր Ախուրեան շրջանի վեց մօտակայ գիւղերու 22,000 բնակիչներուն ծառայելու։ Այսօր, երկու տասնամեակներու ծառայութենէ ետք, Կեդրոնը իր խնամքը տարածած է Շիրակի մարզի աւելի քան 150,000 հիւանդներու։

Իր վկայեալ, մասնագիտացած բժշկական անձնակազմով, Կեդրոնը իր տրամադրութեան տակ ունի հարկ եղած արդիական բոլոր սարքաւորումները, ներառեալ ձայնագրական եւ ստինքազննական ելեկտրոնային գործիքներ, անհրաժեշտ՝ կնախտաբանական, մանկաբարձական ու մանկաբուժական քննութիւններու եւ հարկ եղած խնամքի մատակարարման՝ մատչելի շրջանի բոլոր բնակչութեան՝ անվճար։ 2005 թուին, Ծննդատան կեդրոնին յաւելումով, նշանակելիօրէն աւելցած է անվթար ծնունդներու թիւը՝ առաջքը առնելով անտեղի մահացումներու հաւանականութեան։ Յունիսի սկիզբը, Կեդրոնը բախտաւորուեցաւ Փոքրիկն Գարեգինով, որ դարձաւ ծննդատան 15,000-րդ նորածինը: Հանգուցեալ զոյգը բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի աշխատանքները, 2005 թուականին հովանաւորեցին գործողութեան սենեակը:

Ի տես Ախուրեանի մէջ իրականացուած յաջողութիւններուն, նոյն ամսուայ ընթացքին, շարքային ՀՕՄուհի՝ Իշխանուհի Սիմոնեան 30,000 աւստրալիական տոլար նուիրեց ՀՕՄ-ին՝ իր ամուսնութեան 50րդ տարեդարձին առիթով։ Այս գումարին կէսը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Ախուրեանի ‘Մօր ու Մանկան’ Առողջապահական Կեդրոնին ու ծննդատան՝ ուր ՀՕՄ-ը հաստատած է յատուկ ֆոնտ՝ որուն հասոյթէն 150 ամերիկեան տոլար կը յատկացուի ա՛յն ընտանիքներուն՝ որոնք կը բախտաւորուին իրենց երկրորդ աղջիկ զաւակի ծնունդով՝ աշխարհ եկած ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան ծննդատան յարկին տակ։ Փափաքողները կրնան իրենց նուիրատուութիւնները կատարել սոյն կայքէջով http://ars1910.org/give/:

1910-ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) 27 երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերով, ոչ-յարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ գաղութներուն եւ նեցուկ կը կանգնի կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:

 







comments

Advertisement