ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 8 Յուլիսին, Պարիէն (Իտալիա) վերադարձին, Արամ Ա. վեհափառը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներկայ կացութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Կաթողիկոսըը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ու յատկապէս արի բանակին՝ շեշտելով, թէ Արցախի պաշտպանութիւնն ու հզօրացումը մեր համայն ազգին համար առաջնահերթութիւն է: