Պոլսոյ Մէջ Գտնուող ՀՄԸՄի Հիմնադիրներէն Յովհաննէս Հինդլեանի Շիրիմէն Ջահավառութիւն

By Asbarez | Monday, 16 July 2018

July 13, 2018

0714hintlian

20 Յուլիսին, Ծիծեռնակաբերդէն մեկնարկը պիտի կատարուի ՀՄԸՄի 100ամեակի ձեռնարկներուն՝ ՀՄԸՄի հիմնադիրներուն շիրիմներէն բերուած հողերը հայրենի հողին միախառնելով եւ նոյն վայրերէն բոցավառած ջահերու միացումով՝ Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին:

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ՝ անշիրիմ մնացած ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն Շաւարշ Քրիսեանի շիրիմին փոխարէն Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց մատուռին մէջ վառեցաւ անոր նուիրուած ջահը, եւ առնուեցաւ ափ մը հող։

Փարիզի մէջ նոյն արարողութիւնը կատարուեցաւ միութեան հիմնադիր անդամներէն, ՀՄԸՄի սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի շիրիմէն, իսկ 12 Յուլիսին նմանօրինակ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ՝ ՀՄԸՄի հիմնադիր երրորդութենէն Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմին շուրջ:

Այս առիթով, Պոլիս ուղղուած էին ՀՄԸՄի երկու ներկայացուցիչներ՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ, Հայաստանի <<Երկիր Մեդիա>> պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Դաւիթ Յակոբեան եւ նախկին տարազաւոր խմբապետ Գեղամ Մանուկեան, որ <<Երկիր Մեդիա>>ի քաղաքական հաղորդումներու եւ լուրերու տնօրէնն է:

Նախ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յուսիկ քհնյ. Հերկելեանի կողմէ, իսկ երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Էտվին սրկ. Կալիպօղլուի գլխաւորութեամբ:

Դաւիթ Յակոբեան եւ Գեղամ Մանուկեան ծաղիկներ զետեղեցին Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմին եւ յարգեցին անոր յիշատակը, ապա այնտեղ վառող մոմերէն Գեղամ Մանուկեան վառեց յատուկ ջահը, որուն խորհրդանշական լոյսը պիտի տեղափոխուի Երեւան:

 

comments

Advertisement