Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու Խորհրդաժողովը

By Asbarez | Tuesday, 09 October 2018

arfyouth

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 5 Հոկտեմբեր 2018ին Պրիւքսելի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՅԴ  Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովը:

 

Քաղաքական եւ արտաքին յարաբերական ընդգծուած օրակարգով այս խորհրդաժողովին կը մասնակցէին շուրջ 40 դաշնակցական երիտասարդներ` Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու  ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչը:

 

Խորհրդաժողովին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան, Եւրոպայի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան:

 

Խորհրդաժողովի բացման խօսքին մէջ Սարգիս Մկրտչեան երեք կէտերով կարեւոր նկատեց խորհրդաժողովի կազմակերպումը: Ըստ այդմ, խորհրդաժողովի հիւրընկալման համարձակ ձեռնարկը նախ եւ առաջ վկայութիւնն է ՀՅԴ Պելճիքայի երիտասարդական միութեան կազմակերպական զարգացման նոր մակարդակին: Կարեւորութեան յաջորդ ցուցիչը արտաքին յարաբերութիւններու եւ ընդհանրապէս քաղաքական յագեցուածութեամբ աչքառու օրակարգն է, որ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի Եւրոպայի մէջ հայ երիտասարդութեան աշխուժութեան բարձրացման ու հայկական շահերու պաշտպանութեան` արտաքին յարաբերական զանազան մակարդակներու վրայ:  Եւ, վերջապէս, խորհրդաժողովը քննարկած է նաեւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ ու այդ շրջագիծին մէջ` դաշնակցական երիտասարդութեան դերն ու ընելիքները:

 

Ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց երէկ` 7 Հոկտեմբերին:

comments

Advertisement