Մահացաւ Պոլսահայ Աշխարհահռչակ Լուսանկարիչ Արա Կիւլեր

By Asbarez | Monday, 22 October 2018

1019araguler

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 90 տարեկանին Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլեր:

Արա Կիւլեր ծնած է 1928ին, Պոլիս: Դպրոցական տարիներուն աշխատած է Թուրքիոյ շարժապատկերի աշխատանոցներու մէջ եւ յաճախած է թատերական դասընթացքներու: 1950ին սկսած է աշխատելու «Նոր Ստամպուլ» թերթին, զուգահեռաբար ուսանելով Պոլսոյ համալսարանին մէջ, հետեւելով տնտեսագիտութեան ճիւղին: Յետագային տեղափոխուած է «Հիւրիեթ» թերթի խմբագրութիւն: 1958ին դարձած է ամերիկեան «Լայֆ Թայմ» թերթի թրքական մասնաճիւղի Միջին Արեւելքի առաջին թղթակիցը, ինչպէս նաեւ գործակցած է միջազգային քանի մը հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու հետ: 1961ին աշխատանքի անցած է «Հայաթ» թերթն մէջ՝ գլխաւորելով լուսանկարչական բաժինը: 1960ականներէն ի վեր, անոր լուսանկարները զարդարած են անուանի գրողներու գիրքերը եւ ցուցադրուած են աշխարհի զանազան ցուցահանդէսներու:

1970ականներուն հարցազրոյցներ կատարած է հեղինակաւոր դէմքերու հետ եւ առած անոնց լուսապատկերները. վերջիններուս շարքին էին՝ Ուինսթըն Չըրչըլ, Մարիա Քալաս, Պերնարտ Ռասըլ, Սալվատոր Տալին, Փապլօ Փիքասօ, Ինտիրա Կանտի եւ ուրիշներ:

Կիւլեր կը նկատուի Թուրքիոյ մէջ ֆոթօնկարչութեան հիմնադիրը:

comments

Advertisement