By Asbarez | Friday, 02 November 2018
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին միջեւ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող կարգ մը հարցեր:
Նախագահ Սարգսեան անգամ եւս ջերմօրէն շնորհաւորեց եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ձեռնադրութեան 50ամեակին առիթով:
Հայրապետը, իր կարգին, յայտնեց, որ անցեալին նման, նոյն թափով պիտի շարունակէ իր հոգեւոր ծառայութեան մէջ առանցքային տեղ յատկացնել Հայաստանի հզօրացման, Արցախի անկախութեան ամրապնդման եւ ազգային պահանջատիրական պայքարի առաւել ամրացման ձգտող աշխատանքները: Վեհափառը նաեւ շեշտեց եկեղեցի-ժողովուրդ եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնը առաւել սերտացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Չնախատեսուած հանդիպում մըն էր հայրապետին եւ նախագահին հանդիպումը, որովհետեւ կաթողիկոսը դէպի Պեռն պաշտօնական այցելութեան ճամբուն վրայ ժամանած էր Ժընեւ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւ այցելած էր՝ մասնակցելու ՄԱԿի հովանիին տակ երկամեայ դրութեամբ կազմակերպուող Համաշխարհային ներդրումային համաժողովի բացման արարողութեան:
Նոյն օրը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ: Այս առիթով, նախագահը դարձեալ իր ջերմ շնորհաւորութիւնները յայտնեց վեհափառին, իր ձեռնադրութեան 50ամեակին առիթով:
Սոյն հաղորդակցութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Արցախի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին մասին: Կաթողիկոսը անգամ մը եւս շեշտեց Սփիւռքի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամուր կապուածութիւնը Արցախի անկախութեան ու ծաղկման բոլոր աշխատանքներուն:
Յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը վեհափառին ձեռնադրութեան 50ամեակին առիթով յղած էր ուղերձ մը, որ ընթերցուեցաւ ի պատիւ կաթողիկոսին տրուած պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian