Փարիզի Մեսթըրզ Մրցաշարքին Ախոյեան Դարձաւ Կարէն Խաչանով

By Asbarez | Thursday, 08 November 2018


1106khachanov

ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբերին հրապարակուած արհեստավարժ թենիսի աշխարհի լաւագոյն մարզիկներու ցանկին վրայ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով 7 դիրքերու ոստում մը կատարելով՝ բարձրացաւ 11րդ դիրք, շնորհիւ մէկ օր առաջ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Մեսթըրզ» մակարդակի մրցաշարքին ախոյեանի տիտղոսին։

Արդարեւ, ամբողջ մրցաշարքին ընթացքին միայն մէկ սեթ կորսնցուցած Խաչանով 7-5, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի թիւ մէկ թենիսի մարզիկ սերպ Նովաք Ճոքովիչը։ Աւարտական մրցումը տեւեց 1 ժամ 38 վայրկեան։

22ամեայ Խաչանով, որ առաջին անգամ ըլլալով «Մեսթըրզ» մրցաշարքի մը ախոյեան դարձաւ, անցեալ ամիս նուաճած էր նաեւ «Քրեմլինի Բաժակ» մրցաշարքի ախոյեանի կոչումը։

Մրցումէն ետք ան նշեց, որ ասիկա լաւագոյն նուէրն էր այս տարուան մարզական մրցաշրջանի աւարտին։ Խաչանով ախոյան հանդիսանալով՝ ստացաւ մօտաւորապէս 1.1 միլիոն տոլարի վարձատրութիւն։

Ռուսական «Չամփիոնաթ» լրատուական կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով հայկական արմատներուն մասին հարցումին՝ Խաչանով ըսաւ, թէ ինք Մոսկուա ծնած է, իսկ իր հայրը՝ Աբգար, եւ իր մօր՝ Նաթալիայի հայրը խորհրդային տարիներուն Երեւանէն Ռուսիա գաղթած են՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ ունի մեծ թիւով ազգականներ, որոնց հետ կապի մէջ կը մնայ։

«Նիուզ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ըսաւ. «Շատ սիրում եմ Հայաստանը եւ այնտեղ ունեմ լաւ ընկերներ: Ափսոսում եմ միայն, որ մրցաշարերիս թուականները շատ յագեցած են եւ հնարաւորութիւն չեմ ունենում աւելի յաճախակի լինել Հայաստանում: Ծանօթ եմ եւ լաւ յարաբերութիւնների մէջ հայ թենիսիստների հետ, ճանաչում եմ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչին»:

comments

Advertisement