Փայլան Կը Շնորհաւորէ Փաշինեանի Եւ Անոր Գաղափարակիցներուն Ընտրական Յաղթանակը

By Asbarez | Tuesday, 11 December 2018

1211paylan

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան 10 Դեկտեմբերին շնորհաւորեց «Իմ Քայլը» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին անոր տարած յաղթանակին առիթով:

«Կ՛ըսէին, որ անոնք պիտի չհեռանան: Հայաստանի ժողովուրդը՝ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, նախ փողոցին մէջ իրականացած քաղաքացիական անհնազանդութեամբ, իսկ երէկ ալ՝ ընտրութիւններով, կրցաւ հեռացնել անոնք, որոնք պիտի չերթային: Կը շնորհաւորեմ միապետներու գերիշխանութեան դէմ աշխարհի մէջ այս հրաշալի յաղթանակը տարած իմ բարեկամս՝ Փաշինեանը եւ անոր գաղափարակից ընկերները», գրած է Փայլան իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:

Անցեալ Մայիսին եւս Փայլան ողջունած էր Հայաստանի մէջ համաժողովրդական շարժման յաղթանակը: «Հայաստանի ժողովուրդը յաղթեց ժողովրդավարութեան համար իր պայքարին մէջ:

Կը շնորհաւորեմ: Հիմա մեր կարգն է», օրին գրած էր Փայլան։

comments

Advertisement