Տինքի Սպանութեան Գործով Որոշ Նիւթեր Անհետացած Են

By Asbarez | Sunday, 30 December 2018

1222hrant_dink

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական նիստը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանին մէջ: Կալանքի տակ գտնուող 5 մեղադրեալները դատական նիստին մասնակցեցան հեռակայ ուղիղ կապի միջոցով: Ներկայ եղան նաեւ 12 վկաներ եւ կողմերուն փաստաբանները, կը հաղորդէ «Իլերիհապեր» լրատուական կայքը։

Նիստին ընթացքին իբրեւ վկայ հարցաքննուեցան Ռիզէի նահանգային ապահովութեան վարչութեան ղեկավար, իսկ 2003-2006ին Պոլսոյ նահանգային ապահովութեան վարչութեան հետախուզական բաժինի պետի տեղակալ Շահմազ Տեմիրթաշ եւ Պոլսոյ ապահովութեան վարչութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինի նախկին պետ Սելիմ Քութքան:

Ըստ Քութքանի՝ Տինքի սպանութեան տեսագրութեան տարածումէն ժամեր անց, իրենք, Տրապիզոնէն ստացուած տեղեկութեան հիման վրայ, սկսան փնտռելու Օկիւն Սամասթը եւ երեկոյեան զայն յայտնաբերեցին Սամսունի կայարանին մէջ:

«Սակայն, դէպքին նախորդող ժամանակահատուածին վերաբերեալ որոշ տեսագրութիւնները անծանօթ մարդիկ արդէն վերցուցած էին: Անոնք մեր մարդիկը չէին: Աւելի ուշ դատախազէն տեղեկացայ, որ հետաքննութեան գործին մէջ գտնուող որոշ նիւթեր անհետացած են: Այդ բնական չէր: Հետախուզութեան բաժինի աշխատակիցները նման բան չէին կրնար ընել», պատմեց վկան:

Քութքան աւելցուց, որ գործէն անհետացած նիւթերն ու տեսագրութիւնները անհետացուցած անձերուն ինքնութիւնը ցարդ յայտնի չէ, թէեւ ատիկա մինչեւ հիմա պէտք է բացայայտուէր:

Իր կարգին, Տրապիզոնի ոստիկանութեան հասարակական ապահովութեան բաժանմունքի ղեկավար Ալի Օղուզ Չաղլար կրկնեց նախապէս իր տուած ցուցմունքը, թէ Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժանմունքի պետ Մեթին Եըլմազ զեկուցած էր ոստիկանութեան հրամանատար Ալի Օզին, որ Տինքի դէմ մահափորձ կը ծրագրուի: Վերջինս պարզապէս հարցուցած էր. «Զեկուցելու այլ նիւթ կա՞յ», առանց  անդրադառնալու Տինքի մահափորձի հարցին: Աւելի ուշ՝ 2013ին, Չաղլար դատախազութեան ցուցմունք տուած է իրեն յայտնի այս փաստերուն մասին:

Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած էր 19 Յունուար 2007ին, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ՝ 16ամեայ թուրք ազգայնամոլի մը կողմէ։

comments

Advertisement