Ատելութեան Դրսեւորման Դատապարտման Հարցով Ես Հայ Համայնքի Կողքին Կանգնած Եմ. Էտըմ Շիֆ

By Asbarez | Friday, 01 February 2019

0131adam

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Էտըմ Շիֆ, Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձած է Քալիֆորնիոյ հայկական դպրոցներու նկատմամբ կատարուած վայրագութեան:

«Այս դպրոցները կը յաճախեն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներու ժառանգները: Ատելութեան դրսեւորման դատապարտման հարցով ես կանգնած եմ հայ համայնքի կողքին», գրած է քոնկրեսականը:

Ան յոյս յայտնած է, որ իշխանութիւնները պիտի յաջողին պարզել կասկածեալներուն ինքնութիւնը եւ յետագային պիտի կարենան կանխել նմանատիպ միջադէպերը:

comments

Advertisement