Լիբանանահայութիւնը Առաջին Անգամն Ըլլալով Երկու Նախարարներ Ունի

By Asbarez | Wednesday, 06 February 2019

0202leb

Աւետիս Կիտանեան, Ռիշար Գույումճեան

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Մօտաւորապէս 9 ամիսներու ջանքերէն ետք, Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Յունուար 31ի երեկոյեան վերջապէս կրցաւ կազմել 30 հոգինոց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ առաջին անգամն ըլլալով լիբանանահայութիւնը ունի երկու նախարարներ։

Նախագահ Միշէլ Աուն, որ մօտէն հետեւած էր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հարիրին, որ նախագահին ներկայացուց կառավարութեան կազմը: Ապա նախագահական պալատ հասաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ ներկայացուց «Ամալ» շարժումի եւ «Հըզպալլա»ի նախարարներուն անունները՝ այսպիսով ամբողջացնելով կառավարութեան կազմը:

Կառավարութեան կազմութեան նախորդող 48 ժամերու բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան տրուած զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը տեղեկատուութեան նախարարութեամբ փոխանակելու հաւանականութեան մասին: Սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը պահեց զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը՝ կտրուկ կերպով մերժելով նախարարութիւններու որեւէ փոխանակում:

Նոր կառավարութեան մէջ Աւետիս Կիտանեան պիտի մնայ զբօսաշրջութեան նախարար, իսկ Ռիշար Գույումճեան պիտի ըլլայ ընկերային հարցերու նախարար։

«Էյ.Փի.» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ «Հըզպալլա»ի համար նպաստաւոր նկատուող այս համաձայնութիւնը իրականացաւ յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապին պարտադրած ճնշումներուն հետեւանքով, աւելցնելով, որ հակառակ Հարիրիի վերապահութիւններուն, առողջապահութեան նախարար նշանակուած է Ժամիլ Ժապաք։

Ժապաք անդամ չէ «Հըզպալլա»ի, սակայն մօտիկ կապեր ունի անոր ղեկավարին՝ Հասան Նասրալլայի հետ։ Այս նախարարութիւնը երկրին մեծագոյն ամավարկերէն մէկը ունեցող նախարարութիւնն է։ Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւս «Հըզպալլա»ի դաշնակից է։

Լրատու գործակալութիւնը նաեւ կը մատնանշէ, որ կառավարութիւնը առաջին անգամն ըլլալով 4 կին նախարարներ պիտի ունենայ, կրկնապատկելով նախորդ ցուցանիշը։

Աունի փեսան՝ Ժըպրան Պասիլ պիտի մնայ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար։

Լիբանանի կառավարութիւնը կը գտնուի 84 միլիառ տոլարի պարտքի բեռին տակ (տեղական ընդհանուր արտադրութեան 155 տոկոսը), իսկ անգործութեան համեմատութիւնը հասած է 36 տոկոսի։ Տնտեսական կացութիւնը աւելիով վատթարացած է աւելի քան 1 միլիոն սուրիացի գաղթականներու ներհոսքին հետեւանքով։

comments

Advertisement