Հայատեացութիւն. Պատմական Եւ Արդի Դրսեւորումները Խորագիրով ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատին Կազմակերպած Համաժողովը Մեկնարկեց

By Asbarez | Saturday, 09 March 2019

0307conference1

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր աշխատանքները սկսաւ «Հայատեացութիւն. պատմական եւ ժամանակակից դրսեւորումներ» նիւթով ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Էլենի Թէոխարուսի աջակցութեամբ կազմակերպուած գիտաժողովը:

Ձեռնարկին իրականացման իր նպաստը բերած է «Թիւֆէնքեան» հիմնարկը:

Գիտաժողովին կը մասնակցին պատմաբաններ, քաղաքագէտներ, լրագրողներ, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, հանրային գործիչներ եւ ականատեսներ: Հիւրերու շարքին են Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքոլու, Քրաքովի Ճակիէլլոնիան համալսարանի դասախօս Եակուպ Օսիէցքի, Ալեքսանտր Լափշին, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Արտակ Բեգլարեան եւ նախկին ՄԻՊ, իրաւաբան Ռուբէն Մելիքեան:

Գիտաժողովի նիւթը ունի բացառիկ նշանակութիւն, որովհետեւ կարծրատիպերու կոտրումը եւ  ատելութեան խօսքին դէմ պայքարը պարտադիր պայմաններ են յաջող բանակցութիւններու, երկխօսութիւններու համար, նոյն ժամանակ անոնք հող կը նախապատրաստեն հակամարտութիւններու կայուն եւ խաղաղ լուծման համար:

Գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Խորհրդարանի ղեկավարը ողջոյնի խօսքով դիմեց համաժողովի մասնակիցներուն՝ յատկապէս ընդգծելով նման կարեւոր միջոցառման կազմակերպումը Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին մէջ՝ իբրեւ կառոյց մը, որ ոչ միայն եւրոպական ընտանիքին մէջ ապրող ժողովուրդներուն, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի համար ժողովրդավարութեան օրինականութեան եւ համերաշխութեան յառաջամարտիկներէն է:

Իր խօսքին մէջ Ղուլեան անդրադարձաւ այլատեացութեան՝ իբրեւ ժամանակակից աշխարհին մէջ մարդկութեան սպառնացող ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկուն դէմ համատեղ պայքարելու անհրաժեշտութեան եւ շեշտեց, որ այս ուղղութեամբ յաջողութեան կարելի է հասնիլ, եթէ բոլորը գիտակցին, որ այլատեացութեամբ թունաւորուած հանրութիւնը երբեք չի կրնար հասարակական եւ համամարդկային արժէք ստեղծել:

Այնուհետեւ, խօսելով Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հայատեացութեան քաղաքականութեան մասին՝ Ղուլեան նշեց, որ այդ երեւոյթը հարեւան երկրին մէջ նոր չէ, աւելին, տարիներու ընթացքին դարձած է ատրպէյճանական ինքնութեան անբաժանելի մասը, իսկ չկարգաւորուած հակամարտութեան պայմաններուն մէջ,  Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կ՛օգտագործուի՝ իբրեւ սեփական ժողովուրդին մոլորեցնելու եւ Արցախի մասին թիւր տեղեկութիւններ տարածելու գործիք:

comments

Advertisement