Արամ Ա. Հալէպի Վերաշինութիւնը Պէտք Է Սկսի Նոր Գիւղէն

By Asbarez | Monday, 08 April 2019

0402aleppo2

ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՕԾՈՒՄ

 

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Նախքան Հալէպէն Անթիլիաս վերադարձը, Արամ Ա. կաթողիկոսը Երկուշաբթի, 1 Ապրիլի առաւօտուն այցելեց Նոր Գիւղի ազգային կառոյցները:

Վեհափառը նախ այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ թաղականութեան, դպրաց դասուն, տիկնանց յանձնախումբին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ: Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, վեհափառը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ազգային երեսփոխանական եւ կրօնական ժողովներուն ու Ազգային վարչութեան ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի:

Վեհափառը իր ողջոյնի խօսքը ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին՝ ըսաւ. «Երկու տարի առաջ այցելեցի ձեզի, երբ Հալէպը նոր ազատագրուած էր: Ահաւասի՛կ, երկու տարի ետք դարձեալ կ՛այցելեմ ու կը զգամ մեծ տարբերութիւնը Հալէպի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ես ուրախ եմ, որ Սուրիոյ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Հալէպի հայութիւնը մասնաւորապէս վերականգնումի, վերազարթօնքի ընթացքի մէջ են: Մենք միասնաբար պիտի վերաշինենք Հալէպը, իսկ Հալէպի վերաշինութիւնը պէտք է սկսի Նոր Գիւղէն: Նոր Գիւղը Հալէպի հայութեան Պուրճ Համուտն է, հայաբոյր սիրտն է, եւ ես կ՛ուզեմ որ միշտ այդպէս մնայ: Փափաքս է որ բոլոր անոնք, որոնք պայմաններու բերումով մեկնած են Հալէպէն վերադառնան: Մենք պատրաստ ենք՝ որպէս կաթողիկոսութիւն մեր Ազգային Կեդրոնական վարչութեան հետ, մեր միութենական կառոյցներով ու ամբողջ հայութեան հետ օժանդակելու ձեզի»:

Նոյն օրը, Արամ Ա. կաթողիկոսը, առաջնորդ Շահան արք. Սարգսեանի ուղեկցութեամբ՝ այցելեց Հալէպի մէջ տեղակայուած Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական խումբին, որ կը բաղկանայ ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական ապահովութիւնը երաշխաւորող հայ մասնագէտներէ:

Նշենք, որ Շաբաթ, 30 Մարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ձեռամբ տեղի ունեցաւ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ Մայր եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերօծումը:

Վեհափառը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄի փողերախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Վեհափառին դիմաւորութեան համար շարք կազմած էին ՀՄԸՄի արի-արենուշները եւ Հալէպի Հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը:

Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, վեհափառը սրբագործման արարողութեան համար եկեղեցի մուտք գործեց: Արարողութեան ներկայ էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գէորգեան, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անդամներ, ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի, հալէպահայ միութիւններու, Սուրիոյ զանազան շրջաններէ ժամանած ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, օտարազգի հիւրեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւն մը:

Քահանայ հայրերը նախ ջուրով եւ գինիով մաքրեցին օծման տեղերը՝ դռները (բարաւորը, սիւները եւ դուռը), եկեղեցւոյ կեդրոնական չորս սիւները, կեդրոնական խորանի չորս անկիւնները, աջակողմեան եւ ձախակոմեան խորանները եւ մատրան խորանը: Այնուհետեւ վերոնշեալ վայրերը վեհափառ հայրապետին ձեռամբ Ս. միւռոնով օծուեցան։

Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին եւ կոչ ուղղեց համայն հայութեան՝ օժանդակելու սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքերուն:

Սրբագործման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական օրհներգի եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, սրբագործուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական աջահամբոյր:

Եկեղեցւոյ վերաօծումէն ետք, Շաբաթ, 30 Մարտի յետմիջօրէին, Արամ Ա. վեհափառը եւ առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան վերաօծուած եկեղեցիին մէջ ընդունեցին Հալէպ նահանգի պետական եւ ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուները, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնապետները եւ զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները:

Եկեղեցւոյ մուտքին, վեհափառը եւ առաջնորդը Հալէպի նահանգապետին ու քաղաքապետին ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով զետեղուած յուշաքարին բացումը կատարեցին: Ապա, եկեղեցիին մէջ, առաջնորդը բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն: Սրբազանը Ազգային իշխանութեան անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց յատկապէս երկրի նախագահին՝ վերանորոգման այս ծրագիրին իր նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան համար, ապա նաեւ Հալէպի նահանգապետին, քաղաքապետին, կուսակցապետին եւ բոլոր բարերարներուն ու եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքին նպաստողներուն:

Վեհափառը, իր կարգին խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ այսօր ուրախութեան օր է ոչ միայն սուրիահայութեան, այլ ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդին համար: Կաթողիկոսը աւելցուց. «Վերականգնումը յաղթանակի նշան է: Անցնող 8 տարիներուն ուրիշներ ուզեցին Սուրիան քանդել, բայց սուրիացիները յաղթեցին: Սուրիացի ըսելով նկատի ունինք իսլամ ու քրիստոնեայ բոլոր համայնքները, որոնցմէ մաս մըն է հայութիւնը: Սուրիոյ մէջ բոլոր համայնքները համահաւասար քաղաքացիներ են: Ուստի, բոլորս՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ, ձեռք-ձեռքի տուած՝ պիտի շարունակենք վերականգնումը, գլխաւորութեամբ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատի: Թուրքիոյ մէջ հայերը կոտորածի ենթարկուեցան, բայց Սուրիոյ մէջ սէր եւ ապաստան գտան: Մենք երախտապարտ ենք սուրիացի ժողովուրդին, հետեւաբար, միասնաբար պիտի շարունակենք վերականգնել Սուրիան: Աստուած օրհնէ Սուրիան ու սուրիացի ժողովուրդը»:

Հիւրերը շրջեցան եկեղեցւոյ մէջ, բարձրօրէն գնահատեցին անոր վերանորոգումը եւ շնորհաւորեցին Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդը, յատկապէս՝ սուրիահայութիւնը:

Հիւրերուն մեկնումէն ետք, վեհափառը Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, առաւել քան 25 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու դիմաց տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին վեր առաւ Սուրիոյ դերը արաբական աշխարհին մէջ, ողջունեց Սուրիոյ նախագահը, իշխանութիւնը եւ պատասխանատուները՝ վերահաստատելով Սուրիոյ վերականգնումին հանդէպ իր եւ հայութեան հաւատքն ու մասնակցութիւնը:

Կիրակի, 31 Մարտին, բարձր հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, վերասրբագործուած նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ: Օրուան պատարագիչն էր առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:

Վեհափառը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով մուտք գործեցին եկեղեցի՝ ՀՄԸՄի տարազաւոր սկաուտներուն ներկայութեան: Ներկայ էին՝ գլխաւոր հիւպատոս Սարգսեան, երեսփոխան Ռէյիսեան, թեմի Ազգային իշխանութեան անդամներ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, հալէպահայ միութիւններու, Սուրիոյ զանազան շրջաններէ ժամանած ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերուն միացեալ խումբը:

Պատարագին ընթացքին կաթողիկոսութեան միաբաններէն Պետրոս վրդ. Մանուէլեան ընթերցեց  Արամ Ա. վեհափառի օրհնութեան գիրը, որուն մէջ ակնարկութիւն կը կատարուէր սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուար պայմաններուն, միասնականութեան եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդին հոգեմտաւոր ծառայութեան:

Պատարագը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

comments

Advertisement