ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Գուժէ Ընկեր Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի Մահը

By Asbarez | Tuesday, 16 April 2019

Caprielinjejikian

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ցաւով կը գուժէ դաշնակցական հաւատաւոր ընկեր, մտաւորական, հասարակական ու ազգային գործիչ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայակերտման օճախներ՝ վարժարաններ բանալու գաղափարի ռահվիրայ եւ առաջին հայկական դպրոցին՝ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի հիմնադիր-տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019ին:

Շրջանիս բոլոր ընկերները կը սգան գաղափարական գործիչին մահը եւ կը կիսեն անոր ընտանեկան պարագաներուն վիշտը:

 

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

comments

Advertisement